ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Ապառաժ».- 17 Մայիսին ՀՅԴ Արցախի երիտասարդական միութիւնը՝ Լեռնային Ղարաբաղի Կառավարութեան առընթեր Զբօսաշրջութեան եւ պատմական միջավայրի պահպանութեան վարչութեան օժանդակութեամբ, կազմակերպած է Մարտունիի շրջանի Կաղարծի համայնքի Ս. Թարգմանչաց եկեղեցւոյ շրջակայքի մաքրութեան աշխատանքներ:
«Պահպանենք մշակութային արժէքները» խորագիրը կրող ծրագիրը շարունակական է եւ նպատակ ունի Արցախի բոլոր շրջաններուն մէջ իրականացնել եկեղեցիներու եւ սրբավայրերու մաքրութեան աշխատանքներ՝ նպաստելով պատմական-մշակութային արժէքներու պահպանման գործին:
Ծրագիրի շրջանակներուն մէջ վերջերս ՀՅԴի երիտասարդներու ջանքերով իրականացուած էր նաեւ Ասկերանի շրջանի Պատարա համայնքի Ս. Ամենափրկիչ եկեղեցւոյ շրջակայքի մաքրութեան աշխատանքներ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.