ԵՐԵՒԱՆ.– Ատրպէյճանի մարմնակրթութեան եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարար, Եւրոպական խաղերու յանձնաժողովի գործադիր տնօրէն Ազատ Ռահիմով յայտարարած է, որ Պաքուն կ՛երաշխաւորէ հայ մարզիկներու անվտանգութիւնը։ Այս մասին կը գրէ sputnik-georgia.ru-ն:
«Եւրոպական խաղերուն Հայաստանի պատուիրակութեան մասնակցութիւնը այդ երկրի բնակիչներուն Ատրպէյճան տրուած առաջին այցելութիւնը չէ», նշած է Ռահիմով՝ յիշեցնելով հայ բռնցքամարտիկներուն մասնակցութիւնը Աշխարհի ախոյեանութեան:
Ըստ անոր՝ միջազգային նախաձեռնութիւններուն կարգավիճակը կ՛ենթադրէ բոլոր երկիրներու ներկայացուցիչներուն մասնակցութիւնը: Այս առնչութեամբ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ մշակուած է որոշ դրոյթ: Կայ նամակ, որ կ՛երաշխաւորէ հայ մարզիկներուն անվտանգութիւնը պետական մակարդակով, եւ ատիկա բաւարար է, հաստատած է նախարարը։