ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ Յունիս 12ին հանդիպում մը ունեցած է Եւրոպական խաղերու բացման արարողութեան համար Պաքու ժամանած Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի հետ:
Ատրպէյճանական «Էյ.Փի.Էյ.» լրատու գործակալութիւնը կը տեղեկացնէ, թէ Իլհամ Ալիեւ Թուրքիոյ նախագահը շնորհաւորած է խորհրդարանական ընտրութիւններուն մէջ Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան տարած յաղթանակին համար:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են ռազմավարական համագործակցութեան վերաբերող հարցեր, «բարեկամական ու եղբայրական» յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ քաղաքական, տնտեսական եւ այլ ոլորտներու առչնուող հարցեր:
Էրտողան կարեւոր համարած է Եւրոպական առաջին խաղերուն Պաքուի մէջ կայացումը։