Յունիս 15ի Գըրգ Գըրգորեանի մահէն ետք հազարաւոր լրագրողներ ընդգծեցին անոր զարմանահրաշ նուաճումները գործարարական աշխարհին եւ հսկայ աւանդը՝ բարեգործութեան բնագաւառին մէջ: Սակայն, այդ լրագրողները երբեք չէին հանդիպած այս մեծանուն մարդուն, քանի որ ան հազուադէպ հարցազրոյցներ կու տար լրատուամիջոցներուն:
Գրեթէ երեք տասնամեակ աշխատելով Գըրգորեանի հետ՝ որպէս «Լինսի» հիմնադրամի փոխնախագահ եւ Միացեալ հայկական հիմնադրամի նախագահ, կը ցանկանայի իմ անձնական յարգանքի տուրքս մատուցանել այս գթասիրտ ամերիկահայուն եւ հրաշալի անձնաւորութեան:
Շատ լաւ կը յիշեմ իմ առաջին հանդիպումը Գըրգորեանի հետ: Անիկա տեղի ունեցաւ 1980ականներու կէսերուն, Պեվըրլի Հիլզի ճաշարաններէն մէկուն մէջ, հաւաքոյթի մը ժամանակ ունեւոր հայերու փոքր խումբի մը, որ կ՛աջակցէր նահանգապետ Ճորճ Տէօքմէճեանի վերընտրութեան: Ես այնտեղ էի որպէս «Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի խմբագիր: Երբ մօտեցայ անոր ներկայանալու համար, Գըրգորեան անմիջապէս ճանչցաւ զիս եւ ըսաւ, որ իմ շաբթական խմբագրականներու մշտական ընթերցողն է: Շատ զարմացայ եւ ինքզինքս շոյուած զգացի…
Գըրգորեանի հետ իմ յաջորդ հանդիպումը կայացաւ Պեվըրլի Հիլզի անոր գրասենեակին մէջ 1989ի Նոյեմբեր 1ին՝ Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած աւերիչ երկրաշարժէն 11 ամիս անց: Մենք քննարկեցինք հնարաւորութիւնը համախմբելու ԱՄՆի մէջ գործող եօթը մեծ հայկական կազմակերպութիւնները, ներառեալ «Լինսի» հիմնադրամը՝ օդային ճանապարհով Հայաստան մարդասիրական օգնութիւն հասցնելու նպատակով: Գըրգորեան առաջարկեց վճարել ճանապարհային բոլոր ծախսերը եւ առատաձեռնօրէն խոստացաւ ծածկել ոչ միայն այդ մէկ թռիչքին ծախսերը, այլ «յետագայ բոլոր թռիչքներուն, քանի դեռ Հայաստան օգնութեան կարիք ունի»: Քանի մը օրուան ընթացքին ծնաւ Միացեալ հայկական հիմնադրամը, որ յաջորդ 25 տարիներուն ընթացքին 158 թռիչքներով եւ 2250 ծովային արկղերով 700 միլիոն տոլար ընդհանուր արժողութեամբ մարդասիրական օգնութիւն ցուցաբերեց Հայաստանին եւ Արցախին:
1998ին Գըրգորեան զիս հրաւիրեց միասին մեկնելու Հայաստան եւ իր այդ առաջին ուղեւորութեան ժամանակ նախագահ Քոչարեանին խոստացաւ յատկացնել 100 միլիոն տոլար (աւելի ուշ զայն բարձրացնելով մինչեւ 242 միլիոն տոլարի), որով կառուցուեցան կամ վերանորոգուեցան թունելներ, կամուրջներ եւ տասնեակ դպրոցներ Հայաստանի ու մէկը Արցախի մէջ, ինչպէս նաեւ հարիւրաւոր քիլոմեթր մայրուղիներ, ճանապարհներ եւ փողոցներ, 34 մշակոյթի օճախներ ու թանգարաններ, 3700 բնակարան աղէտի գօտիին մէջ եւ 20 միլիոն տոլարի վարկեր փոքր գործարարութեան համար: Այս ծրագիրները ոչ միայն զգալիօրէն նպաստեցին Հայաստանի ենթակառուցուածքներու բարելաւման, այլ նաեւ խիստ անհրաժեշտ աշխատատեղեր ապահովեցին 20 հազարէ աւելի աշխատողներու համար: Պարոն Գըրգորեան ինձմէ խնդրեց վերահսկել այս ծրագիրները որպէս «Լինսի» հիմնադրամի փոխնախագահ:
Տարիներու ընթացքին Գըրգորեանի «Լինսի» հիմնադրամը հարիւր միլիոնաւոր տոլարներ նուիրեց ամբողջ հայութեան, որոնց շարքին՝ 14 միլիոն տոլար Հայաստանի բնակչութեան 1993ի խստաշունչ ձմրան վառելանիւթով ապահովելու համար, 2006 թուականին 4.5 միլիոն տոլար Լիբանանի բոլոր 28 հայկական դպրոցներուն եւ միլիոնաւոր տոլարներ Հայաստան համահայկական հիմնադրամին՝ Արցախի մէջ իրականացուող ծրագիրներու համար: Ըստ հաշուարկներու՝ 1989էն մինչեւ 2011 թուականները ինկած ժամանակահատուածին «Լինսի» հիմնադրամը նուիրած է աւելի քան 1 միլիառ տոլար՝ հաւասարապէս բաժանուած հայկական եւ օտար բարեգործական կազմակերպութիւններու միջեւ:
Երբ «Լինսի» հիմնադրամը 2011ին փակեց իր դռները, անհիմն եւ կեղծ լուրեր սկսան շրջանառուելու փակման հնարաւոր պատճառներուն մասին: Փաստը այն է, որ պարոն Գըրգորեան նախատեսած էր, որ որոշ տարիքի հասնելով՝ այլեւս պիտի չկարենայ զբաղիլ ամէնօրեայ դիմումներու տարափով, զորս կը ստանար ամբողջ աշխարհէն՝ ֆինանսաւորման օգնութեան խնդրանքով եւ իր հարստութեան հիմնական մասը բաժնել յետ մահու բաժնելով:
Կը ցանկանայի աւարտել՝ նշելով այս նշանաւոր ամերիկահայու համակրանքներէն եւ հակակրանքներէն քանի մը հատը.
Պարոն Գըրգորեան մեծապէս դժգոհ էր ներհայկական պառակտումներէն: Ան անվերջ կը վշտանար, որ հայերը իրարու հետ անհամերաշխ են եւ յաճախ կ՛ըսէր. «Ինչո՞ւ չեն կրնար միաւորուիլ ու շարժիլ միեւնոյն ուղղութեամբ»: Ան ուրախ էր, որ ԱՄՆի մէջ գործող եօթը մեծ հայկական կազմակերպութիւնները կ՛աշխատին միասին՝ Միացեալ հայկական հիմնադրամի հովանիին տակ:
Ան խիստ կը մտահոգուէր Հայաստանի ժողովուրդի թշուառ վիճակով եւ մշտապէս կ՛անհանգստանար արտագաղթով: Ան կը ձգտէր աշխատատեղեր ստեղծել, որպէսզի հայերը չլքեն իրենց հայրենիքը:
Ան չէր սիրեր ըլլալ ուշադրութեան կեդրոնին եւ երբեք թոյլ չէր տար իր անունով կոչել որեւէ կառոյց կամ հաստատութիւն:
Ան չափազանց հարուստ էր, բայց շատ համեստ կեանքով կ՛ապրէր եւ կը խօսէր մեղմ ու քաղաքավար: Ան կը նախընտրէր, որ մարդիկ իրեն դիմեն անունով՝ Գըրգ, այլ ոչ թէ պարոն Գըրգորեան:
Վերջապէս, ոչ ոք կը յուշէր Գըրգին գումար նուիրել պատեհ առիթներով: Ան յաճախ իր կամքով մեծ նուիրատուութիւններ կ՛ընէր՝ առանց խնդրանքի:
Հայ ժողովուրդը եւ համայն աշխարհը անոր երախտիքի մեծ տուրք ունին մատուցելու:
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈԻՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
Թարգմանեց՝
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝
«Եռագոյն» կայքը