ՓԱՐԻԶ, «Ա.Էֆ.Փէ.».- Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութիւնը Փարիզի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ճէյն Հարթլին իր մօտ կանչեց՝ բողոքելու համար Ֆրանսայի նախագահներու լրտեսման դէմ: «Ուիքիլիքս»ի կողմէ հրապարակուած փաստաթուղթեր բացայայտած էին, որ ամերիկեան կողմը լրտեսած է Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլանտը, ինչպէս նաեւ զինք նախորդած նախագահներ՝ Նիքոլա Սարքոզին եւ Ժաք Շիրաքը:
Հրապարակումէն ետք, Հոլանտ աւագ նախարարներու եւ ֆրանսական բանակի հրամանատարութեան հետ արտակարգ ժողով մը գումարեց: Մեկնաբանելով լրտեսութեան հարցը՝ ըսաւ. «Ֆրանսա պիտի չարտօնէ որեւէ արարք, որ իր ապահովութիւնը կը վտանգէ»:
Իր կարգին, Ֆրանսայի վարչապետ Մանուէլ Վալս Ուաշինկթընին կոչ ուղղեց լրտեսութեան հարցին պատճառած վնասները դարմանելու համար առաւելագոյնը կատարելու:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.