ԹԵԼ ԱՒԻՒ.- Իսրայէլեան լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ սուրիական ընդդիմութեան անդամ վիրաւոր զինեալներ փոխադրող հիւանդատար մեքենաներու քարկոծման հարցով ձերբակալուած են 10 տիւրզի երիտասարդներ: Քարկոծումներուն հետեւանքով սպաննուած էր սուրիացի մը եւ վիրաւորուած էին իսրայէլացի երկու զինուորներ։
Մինչ այդ, պաղեստինցի տիւրզիներու հոգեւոր պետ շէյխ Մուաֆաք Թարիֆ քննադատեց բռնագրաւեալ Կոլանի մէջ իսրայէլեան բանակին պատկանող եւ սուրիացի վիրաւոր զինեալներ փոխադրող հիւանդատար մեքենաներուն քարկոծումը: Նաեւ, Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Մոշէ Եաալոն յայտնեց. «Իսրայէլ ոչ մէկ կողմի, ներառեալ՝ տիւրզիներուն, պիտի չարտօնէ զինք Սուրիոյ մէջ ընթացող քաղաքացիական պատերազմին մէջ ներքաշել։ Իսրայէլի տիւրզիներէն ոմանց կողմէ հիւանդատար մեքենաներուն վրայ յարձակումը կարելի չէ հանդուրժել: Թել Աւիւի կառավարութիւնը կը հասկնայ Սուրիոյ մէջ իրենց եղբայրներուն ճակատագիրին նկատմամբ տիւրզիներուն մտահոգութիւնը, սակայն սուրիական տագնապին նկատմամբ պատասխանատու քաղաքականութեան կը հետեւի»:
Միւս կողմէ, Լիբանանի մէջ տիւրզի համայնքի հոգեւոր պետերէն շէյխ Նասրետտին Ղարիպ յայտնեց, որ հարաւային Սուրիոյ մէջ գտնուող եւ ահաբեկիչներու թիրախ դարձած Ճապալ Արապը (Ճապալ Տրուզ) դէմ կը դնէ գրգռութեանց եւ իր սահմանը կտրելու բոլոր փորձերուն: Ան նշեց, որ իրենց կողմէ ուղարկուած պատուիրակութիւն մը Լիբանան վերադառնալէ ետք զեկուցած է, որ Ճապալ Արապի մէջ տիւրզիներու կորովը բարձր է, սակայն անոնք աջակցութեան կը կարօտին:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.