Երբ նկատի ունենանք նուիրում պահանջող ասպարէզները, առաջին յիշուածներէն մէկն է ուսուցչութիւնը: Ամէն մանուկ մօր գիրկէն ետք օտարներու հետ շփման իր առաջին փորձերուն կը ծանօթանայ ուսուցիչի գուրգուրանքով: Անով կը տպաւորուի եւ կեանքի յաջորդող տարիներուն իր մէջ կը պահէ յատկապէս առաջին ուսուցիչի նկատմամբ սէրն ու երախտիքի զգացումը:
31 Մայիս, Կիրակի օր յետմիջօրէին, Աթագիւղի «Իսփիրթօհանէ» սրահին մէջ մէկտեղուած Տատեան վարժարանի շուրջ 100 սաներ, ճիշդ այս գիտակցութեամբ անակնկալ մը պատրաստած էին սոյն վարժարանի վաստակաւոր ուսուցչուհի Նատիա Թէքիրօղլուի: Անոնք մօտ չորս ամիսներ առաջ կարգադիր խումբ մը կազմած եւ գաղտնապահութեամբ պատրաստուած էին այս օրուան: Ուսուցչուհին խոր յուզումներու մատնուեցաւ իր համար պատրաստուած այս անակնկալ մեծարանքի հանդիպման համար:
Նման յուզումի համար արդէն բաւարար էին իր երբեմնի սաներուն այսքան մեծ թիւով մէկտեղումը: Յաւելեալ, ան կ՛արժանանար փաղաքշական ինչ-ինչ արտայայտութիւններու նոյն իր սաներուն կողմէ:
Միջոցառման կազմակերպիչները կարեւորութիւն ընծայած էին մանրամասնութիւններու: Պատրաստած էին արծաթեայ յուշանուէր մը, որ կը խորհրդանշէր մեծարեալի 45 տարիներու վաստակը եւ կը կրէր իր դաստիարակած աւելի քան 450 աշակերտներուն անունները: Այդ նոյն աշակերտներու լուսանկարներն ալ ի մի բերուած էին հսկայ պաստառի մը վրայ, որուն կեդրոնը տեղադրուած էր ուսուցչուհին: Սաները այս հանդիպման համար պատրաստած էին նաեւ գրքոյկ մը, որ կու գար յաւերժացնելու մեծարանքի այս հանդիպումը:
Երախտիք արտայայտելու կարողութիւնն ալ մշակոյթի ու գիտակցութեան խնդիր է, եւ տատեանցիները կրնան հպարտ ըլլալ այդ հաստատումը լաւագոյնս կատարած ըլլալու իրողութեամբ:
«ԱԿՕՍ»