Հաւատում եմ քե՛զ, իմ հայ ժողովուրդ…
Վահագն Դաւթեան
Նոյնքան, գուցէ նաեւ աւելի, կը հաւատանք Հայ Դպրոցին, մանաւանդ՝ սփիւռքահայ դպրոցներուն, որոնց գոյութեան նպատակը ո՛չ միայն ուսում եւ գիտութիւն ջամբել է հայ մանուկներուն, այլ զանոնք հայ մեծցնելն է, զանոնք հայախօս դարձնել եւ անոնց հայու արդար հպարտութիւն ներշնչելն է։
Հայ դպրոցին համար դիւրին չէ այս բոլորը իրականացնել։ Հայրենի հողէն հեռու, օտար ափերու վրայ հաստատուած, օտարներով շրջապատուած, հայ դպրոցը, տարբեր գաղութներու մէջ, տարբեր ճնշումներու տակ կը գտնուի, այլազան դժուարութիւններ կը դիմագրաւէ, սակայն, հրաշքի նման, ամէն ուսումնական տարեվերջին կու տայ հունձք մը, մանկապարտէզէն մինչեւ երկրորդականի մակարդակով, մէկը միւսը գերազանցող։
2014-2015 ուսումնական տարեշրջանի աւարտին, Մերտինեան վարժարանը տուաւ իր հունձքը 2 հանգրուանով։
Շաբաթ, 6 Յունիսին, առաւօտեան ժամը 11ին տեղի ունեցաւ մանկապարտէզի վկայականաց բաշխման հանդիսութիւնը՝ վարժարանիս «Արամ եւ Անայիս Տ. Պուլղուրճեան» հանդիսասրահին մէջ։ Այս տարի Մանկապարտէզի ընթացքը բոլորեցին 23 աշակերտներ, որոնք շուրջ մէկ ժամ տեւող յայտագիրով ելոյթ ունեցան հայերէն եւ անգլերէն լեզուներով, աղօթեցին, երգեցին, արտասանեցին ու պարեցին։
Տպաւորիչ էր նախ անոնց մուտքը՝ սրահ, ճերմակ շապիկներով, որոնց վրայ իրենց թաթիկներով ներկուած եւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակը խորհրդանշող անմոռուկը՝ իւրաքանչիւրը հպարտութեամբ ցոյց կու տար։ Նոյնքան տպաւորիչ ու խանդավառող էր անոնց վերջին պարը ուր ամէն մէկ աշակերտ դարձած էր մէկական Անդրանիկի ու Նժդեհի զինուոր։
Օրուան պատգամը փոխանցեց, ինչպէս նաեւ բացման եւ օրհնութեան աղօթքները կատարեց վեր. Հայկ Տարագճեան։
Վկայականներու բաշխումէն ետք, դաստիարակ ուսուցչուհի Մարիժան Գէորգեան շնորհաւորեց աշակերտներն ու ծնողները եւ աշակերտներուն փոխանցեց իր պատգամը։ Հանդիսութեան փակման խօսքը կատարեց տնօրէնուհի Լինա Արսլանեան։
Կիրակի, 14 Յունիսին, կէսօրէն ետք ժամը 3ին, դարձեալ վարժարանի հանդիսասրահին մէջ, տեղի ունեցաւ Մերտինեանի նախակրթարանի եւ միջնակարգի բաժիններուն աւարտական հանդէսը։
Յայտագիրը սկսաւ շրջանաւարտներու հանդիսաւոր սրահ մուտքով։ Ամերիկեան եւ ազգային քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք հանդէսի բացման աղօթքը կատարեց Հէլէն Հայկ։ Յայտագիրի առաջին մասին հանդիսավարութիւնը կատարեց Ե. կարգի դաստիարակ Մարգարիտ Մեղրոյեան, իսկ երկրորդ մասինը՝ Ը. կարգի դաստիարակ Սոնա Գասարճեան։ Ե. կարգի աշակերտները կատարեցին երկու խմբային արտասանութիւններ՝ հայերէնով եւ անգլերէնով, ինչպէս նաեւ երգեցին երկու խմբերգներ առաջնորդութեամբ՝ երաժշտութեան դասատու Ալիս Տէր Գէորգեանի։
Ուղերձներ կարդացին հայերէնով՝ Անի Քօսոյեան, իսկ անգլերէնով՝ Նիքոլ Թիլքեան։
Ապա, ձեռամբ տնօրէնուհի Լինա Արսլանեանի, շրջանաւարտները ստացան իրենց նախակրթարանի մրցանակներն ու վկայականները։
Հոգաբարձութեան խօսքը փոխանցեց կազմի ատենապետ դոկտ. Վահէ Նալպանտեան, որ ներկաները ողջունեց, ապա շնորհակալութիւն յայտնեց անոնց՝ իրենց հոգեհատորները Մերտինեան վարժարան բերելնուն համար, ինչպէս նաեւ շնորհաւորեց շրջանաւարտներն ու իրենց պարագաները։
Օրուան պատգամախօսն էր նահանգային երեսփոխան եւ մերտինեանցի ծնողք Ատրին Նազարեան։ Ան շատ հաղորդական ոճով իր խօսքը ուղղելով շրջանաւարտներուն՝ ըսաւ. «Դո՛ւք պիտի որոշէք, թէ ասկէ ետք ձեր քայլերը դէպի ո՞ւր պիտի առաջնորդեն ձեզ։ Մի՛ վարանիք անվերջ հարցումներ ուղղելու, որովհետեւ անոնց պատասխանները ձեզ պիտի մղեն դէպի նոր հորիզոններ, եւ մանաւանդ եղէ՛ք կատարեալ հայեր եւ տիպար ամերիկացիներ, թէեւ դժուար՝ սակայն կարելի է գտնել ճամբան։ Յիշեցէ՛ք, որ դուք շուրջ հինգ հազար տարուան կեանք ունեցող ժողովուրդի մը զաւակներն էք»։
Նազարեանի խօսքէն ետք, Ը. կարգի աշակերտները խմբովին արտասանեցին երկու բանաստեղծութիւններ՝ հայերէնով եւ անգլերէնով, ապա երգեցին երկու խմբերգներ։ Հրաժեշտի ուղերձները կարդացին, անգլերէնով՝ Սաշա Երմաքով, իսկ հայերէնով՝ Նանօր Պետրոսեան։ Ալիք Քահքէճեան տնօրէնուհիին յանձնեց իրենց դպրոցական կեանքը ներկայացնող նկարներով պատրաստուած ցուցատախտակ մը։
Վերջապէս, անոնք ստացան իրենց վկայականներն ու մրցանակները՝ ձեռամբ Լինա Արսլանեանին, որ նաեւ վերջին խօսք առնողը եղաւ։ Ան, իր շնորհակալական եւ շնորհաւորական ջերմ խօսքերէն ետք, ըսաւ. «Հպարտ ենք մեր իրագործումներով, բայց առաւել եւս՝ մեր շրջանաւարտներով»։ Ապա, անոնց ուղղելով իր խօսքը՝ շարունակեց. «Ժամանակն է այսօր ցնծութեան, հպարտութեան, բայց միաժամանակ պահն է քալելու ձեր նոր ուղիէն, ծրագրելու ուսման նոր շրջան մը, բոլորովին անծանօթ շրջապատի մը մէջ։ Յառաջացէ՛ք առանց վախի, հաստատ քայլերով, եւ երբեք չմոռնաք, որ դուք պահանջատէրներն էք ձեր ազգային իրաւունքներուն. շարունակեցէ՛ք թիկունք կանգնիլ հայապահպանման ի նպաստ տարուած բոլոր աշխատանքներուն եւ վերջապէս՝ չմոռնա՛ք ձեր մայր լեզուն, մնացէ՛ք հայախօս, որովհետեւ լեզուն է, որ ժողովուրդ մը ազգ կը դարձնէ եւ հայ լեզուն երկար ու դժուարին ճանապարհ կտրած ու հասած է ձեզի»։
Հէլէն Հայկի փակման աղօթքով եւ Տէրունական աղօթքի երգեցողութեամբ վերջ գտաւ հանդիսութիւնը, սակայն ցնծութիւնը շարունակուեցաւ «Sportsmens Lodge»ի մէջ, ուր շրջանաւարտները, իրենց ուսուցիչներն ու ծնողները անցուցին շատ հաճելի եւ յիշատակելի երեկոյ մը։
Շաբաթ, 30 Մայիսի առաւօտեան տեղի ունեցած էր վարժարանիս նախամանկապարտէզի ամավերջի հանդէսը, ուր 3 եւ 4 տարեկան մանուկներ, որոնք քանի մը ամիսներ առաջ տակաւին սահուն խօսիլ չէին գիտեր, բեմ բարձրացան եւ համարձակօրէն երգեցին, արտասանեցին ու պարեցին, անսահման հրճուանք պատճառելով իրենց ծնողներուն։ Հանդիսութեան բացումը կատարեց նախամանկապարտէզի տնօրէնուհի Մարիժան Գէորգեան, իսկ փակման խօսքով ելոյթ ունեցաւ Լինա Արսլանեան։
Սրտաբուխ շնորհաւորութեան մաղթանքներ՝ շրջանաւարտներուն։ Աչքը լո՛յս բոլոր ծնողաց, եւ վարձքը կատար կրթական մշակներուն։
(Թղթակցութիւնը՝
վարժարանէն)