ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ա.Էֆ.Փէ.», «Էյ.Փի.».- Դէպի իր մայրաքաղաքը նկատուող Ռաքքա քաղաքը յառաջացող քրտական եւ ընդդիմադիր այլ ուժերու յառաջխաղացքը զսպելու նպատակով, «Իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական կազմակերպութեան զինեալներ Հինգշաբթի, Յունիս 25ին յարձակեցան հիւսիսային Սուրիոյ Քոպանի եւ Հասաքէ քաղաքներուն վրայ։
Լոնտոն հաստատուած Մարդկային իրաւանց սուրիական դիտարանի աղբիւրներուն համաձայն՝ «Իսլամական պետութեան» զինեալները մուտք գործած են Հասաքէ քաղաքի երկու թաղամասերէն ներս:
«Մայատին» կը հաղորդէ, որ քաղաքի սահմանային անցքերուն վրայ ականուած երեք ինքնաշարժեր պայթեցնելէ ետք իսլամ ծայրայեղական զինեալներ Քոպանիի հարաւը գտնուող հիւանդանոցի մը մէջ դիրք առած են: Քոպանիի մէջ քիւրտերուն եւ յարձակողներուն միջեւ բախումներուն պատճառով արձանագրուած է առնուաղն 15 զոհ եւ 70 վիրաւոր:
Սուրիոյ պետական պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ Քոպանիի վրայ յարձակում գործած զինեալները Թուրքիայէն մուտք գործած են:
Նման յայտարարութիւն մը կատարուեցաւ նաեւ քրտական ուժերու հրամանատարութեան կողմէ։
Իսլամ ծայրայեղականները նաեւ Քոպանիէն հարաւ գտնուող Պարխ Պութան գիւղը ներխուժած են, սպաննելով 23 քաղաքայիներ, ներառեալ կիներ եւ երեխաներ, սակայն աւելի ուշ անոնք փախուստ տուած են, երբ միջազգային ուժերը ռմբակոծած են գիւղը եւ քրտական ուժերը հասած են գիւղացիներու օժանդակութեան։
Իր կարգին, «Ճազիրա» կը հաղորդէ, որ սուրիական զինեալ ընդդիմութիւնը հարաւային Սուրիոյ մէջ գտնուող Տարաան գրաւելու համար «Հարաւի փոթորիկ» գործողութեան շղթայազերծումը յայտարարած է Յունիս 25ին: