Սիրելի հարազատներ ու ընկերներ,
Վստահ եմ, որ արդէն իր կենսագրութեան ընդմէջէն ծանօթացաք ընկեր Զաւէն Մարգարեանի անձին: Լսեցիք, որ Պուրճ Համուտի հայատրոփ սրտին մէջ ծնած ու հասակ առած այս մարդը, իր պատանեկան օրերուն, Դաշնակցութեան լայնածաւալ ընտանիքին մաս կազմած է նախ իբրեւ ՀՄԸՄական մարզիկ ու ապա իբրեւ կուսակցական երդում տուած մարդ: Ամերիկա փոխադրուելէն ետք, ան իր կուսակցական պարտականութիւնը կատարած է Տիթրոյիթի մէջ՝ ստանձնելով վարչական ու կազմակերպական պատասխանատու պաշտօններ, ապա փոխադրուած է Լոս Անճելըս:
Փոխադրուելէն ետք, հիւանդութիւնը անբաժան եղած է մեր ընկերոջ կեանքէն. ան տարիներ շարունակ դիմացած է իրեն բաժին ինկած անողորմելի ճակատագիրին: Այս պատճառ դարձաւ, որ ան չկարենայ շարունակել այն սրբազան գործը, որուն համար երդում տուած էր իր կեանքի գնով իսկ, առաջ տանելու իր սիրած ու պաշտած կուսակցութեան առաքինի նպատակները: Այսուհանդերձ, երբ կացութիւնը ներէր, ան անպայման ներկայ կը գտնուէր ժողովներուն…
Մահը դաժան է ինքնին…
Մահը մանաւանդ դաժան է, երբ ան մեզմէ կը խլէ ընկեր մը, որ նոր բոլորած էր իր կեանքի միջին տարիքը: Բնական պայմաններու մէջ, ընկեր Զաւէն հիմա պիտի վայելէր իր հասունացած տարիքի օրերը եւ ուրախանար ու կազդուրուէր իր դուստրերով ու թոռներով…
Մահը դժուար է ըմբռնել մանաւանդ, երբ անհատէն կը խլէ իր ծերութեան օրերուն յատկացուած հանդարտ կեանքն ու ընտանեկան սիրով շրջապատուելու՝ միայն բարոյական իմաստով չափուող իրողութիւնը:
Այս բոլորը կ՛ըսեմ ընդգծելու համար, որ ոչ միայն ինք՝ անձը, այլեւ իր ընտանիքը ու նաեւ մենք՝ իր կուսակցական ընկերները, զրկուեցանք ընկեր Զաւէնը վայելելէն, իր խոհեմութեան ու փորձառութեան տարիներուն:
Մենք զինք կը յիշենք իբրեւ ընկեր մը, որ հակառակ զինք հիւծող հիւանդութիւններուն պատճառած ահրելի ցաւերուն, մեզի կը ներկայանար միշտ ժպտադէմ ու կատակասէր հանգամանքով: Զինք կը յիշենք իբրեւ կացութիւնները հանդարտեցնող մարդ, որ բոլոր ընկերներուն կը մօտենար անհուն սիրով ու յարգանքով, կարծէք բոլորն ալ իր հարազատ եղբայրներն ու քոյրերը ըլլային:
Հաճելի էր ընկեր Զաւէնին հետ գաւաթ մը սուրճով սեղան նստիլ ու խօսակցիլ: Ան իւրայատուկ յատկութիւն ունէր բոլորին ուրախացնելու եւ զուարճացնելու այնպիսի հմայքով մը, որ կարծէք երբե՛ք պէսպիսի հիւանդութիւններէ հիւծող անձ մը չէր: Նոյնիսկ եթէ մտահոգ ըլլայիր կամ բանէ մը նեղուած, բաւարար էր, որ անոր հետ հինգ վայրկեան նստէիր ու ան իր այդ հմայքով կրնար քեզ դուրս բերել վիճակէդ ու ժպիտ մը արձանագրել տալ երեսիդ: Թերեւս ընկերներուն հետ նստիլ ու խօսիլը իրեն համար ալ հոգեկան բալասան էր ինքնին…
Լաւատէս էր միշտ ու խնդումերես: Չէր ձգեր, որ իր շուրջինները կը մտահոգուէին իր ցաւերով: Ընկերներուն հետ դրական կերպով յարաբերելու զարմանալի յատուկութիւն ունէր ան: Թերեւս ընդգծումի կարիք ունեցող ամենակարեւոր հանգամանքը այն էր, որ ընկեր Զաւէն այս օտարացնող ու ազգութիւն կործանող հողին վրայ մեծցուց երեք դուստրեր ու ջանք չխնայեց հայեցի դաստիարակութիւն ջամբելու անոնց: Իր դուստրերուն հայկական ընտանիքներ կազմելու հանգամանքը ինքնին մեծ իրագործում մըն էր այս համեստ ընկերոջ համար: Վստահ ենք, որ իր դուստրերն ու անոնց կողակիցները նոյն թափով պիտի շարունակեն ընկեր Զաւէնի առաքելութիւնը, իրենց զաւակները մեծցնեն իբրեւ հայ ու այդպիսով զովացնեն անոր հոգին:
Սիրելի ընկեր Զաւէն,
Այս պահուն, երբ հաւաքուած ենք շիրիմիդ առջեւ ու եկեղեցական արարողութեան աւարտին, իբրեւ կուսակցական ընկերներդ՝ քեզ պաղ հողին պիտի յանձնենք դաշնակցականի վայել «Վէրքերով լի ջան ֆետա եմ»ի երգեցողութեամբ, վստահ ենք, որ հոգիդ վերէն ժպտադէմ պիտի սաւառնի այս տարածքին վրայ: Վստահ եղիր, որ մեզմէ կը հեռանաս՝ ետիդ թողնելով բարի, գեղեցիկ ու առաքինի մարդու եւ դաշնակցական ընկերոջ վայել յիշատակներ: Այդ յիշատակներդ են, որոնք պիտի մնան մեր մօտ: Այդ յիշատակներով է որ պիտի յիշենք քեզ յաւիտեան:
Հողը թեթեւ գայ վրադ, սիրելի ընկեր Զաւէն:
ՀՅԴ Փասատինայի «Լեռնավայր»
Կոմիտէութեան անունով՝
Ընկեր Սարգիս Թաթիկեան