ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր Մեդիա».- Միացեալ Նահանգներու բնակիչ հայազգի Ս. Բ.ն, խոստանալով ԱՄՆ մուտքի արտօնագիր տրամադրել՝ հաւաքած է Հայաստանի 34 քաղաքացիներու տուեալներ, զանոնք ուղարկած է այլ կնոջ մը՝ Ա. Գ.ին, որ պէտք էր կազմակերպէր ԱՄՆ մուտքի արտօնագիրի դիմումներ պատրաստելու եւ զանոնք Երեւանի մէջ ԱՄՆ դեսպանութիւն ներկայացնելու գործը:
Նոյն կինը, 34 քաղաքացիներուն անունով ձեռք բերած է «Հայաստան» ժողովրդական երգի եւ պարի ստուտիոյի ուսման կեղծ վկայականներ, որպէսզի զանոնք որպէս համոյթի անդամներ ներկայացնէ դեսպանատուն: Սակայն երբ կեղծ տեղեկութիւնները ներկայացուած են ԱՄՆ դեսպանատուն, դեսպանատան աշխատակիցները բացայայտած են կեղծիքը եւ մերժած մուտքի արտօնագիրի դիմումները: Իսկ Հայաստանէն ԱՄՆ արտագաղթ կազմակերպող կանանց գործով այժմ կը զբաղի Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան քննչական վարչութիւնը: