ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Ապառաժ».- Յուլիս 22ին, ԼՂՀ նախագահը այցելած է Քաշաթաղի շրջան ու ծանօթացած Հագարի եւ Աղաւնօ գետերու միախառնումի կէտին վրայ կառուցուող նոր ջրամբարի աշխատանքներուն։
Նախագահ Սահակեան շեշտած է նման ջրամբարի գոյութեան կարեւորութիւնը շրջանի գիւղատնտեսութեան զարգացման համար՝ աւելցնելով, որ անոր շահագործումը պիտի նպաստէ ոռոգելի տարածքներու ընդլայնման եւ ելեկտրականութեան արտադրութեան յաւելումին: Ան ընդգծած է նաեւ, որ Քաշաթաղի շրջանը ունի ջրային լուրջ պաշարներ, եւ այսուհետեւ, պետութիւնը յատուկ ուշադրութիւն պիտի դարձնէ անոնց նպատակայարմար օգտագործման՝ հետեւելով շրջակայ միջավայրի պահպանման սկզբունքներուն:
Նախագահը երախտագիտութիւն յայտնած է սփիւռքահայ բարերար Վարդան Սերմաքէշին՝ այս նախագիծի իրականացման մէջ իր գործօն մասնակցութեան համար:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.