ԵՐԵՒԱՆ, «Ակունք».– Գանձ որոնողներու կողմէ բազմաթիւ հայկական գերեզմանատուներ աւերուած են, եւ անոնց փոխարէն շինարարութիւններ կատարուած են։
Կարս նահանգին ենթակայ Թուզլուճա (Կողբ) գաւառի կեդրոնը մնացած վերջին երկու հայկական գերեզմաննոցները, Թուզլուճայի քաղաքապետարանի դիմումին հիման վրայ, պահպանման տակ առնուած է Կարսի պահպանութեան շրջանային խորհուրդին կողմէ:
Այս մասին կը յայտնեն թրքական լրատուամիջոցները: Աղբիւրին համաձայն՝ պահպանութեան տակ առնուած են Թուզլուճա գաւառի Հանրապետութեան թաղամասին եւ Միջին թաղամասին մէջ գտնուող հայկական գերեզմանատուները: