ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Յուլիս 20ին, Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Տանըլտ Տուսք, որ տարածաշրջանային այցելութեամբ Հայաստան կը գտնուէր, այցելեց Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յուշահամալիրը, ծաղկեպսակ զետեղեց զոհերու յիշատակին, ապա այցելեց Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկը: Տուսքին կ՛ուղեկցէր Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան:
Նշենք, որ այցելութեան ընթացքին, Եւրոպական խորհուրդի նախագահը հանդիպեցաւ նաեւ ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեանի հետ: