ԵՐԵՒԱՆ.– Բաղրամեան պողոտային եւ Ազատութեան հրապարակին վրայ 23 Յունիսին տեղի ունեցած հաւաքներուն ընթացքին ոստիկանութեան ծառայողներու գործողութիւններուն եւ քաղաքացիներուն դիմումներու քննարկման մասով ծառայողական քննութեան ընթացքին բացայայտուած է, որ ոստիկանութեան 3 ծառայողներ կատարած են կարգապահական խախտումներ:
Մասնաւորապէս, Հայաստանի ոստիկանութեան Երեւան քաղաքի վարչութեան ՔՀ աւագ պատասխանատու, ոստիկանութեան մայոր Է. Պօղոսեան եւ նոյն վարչութեան ՊՊԾ գունդի աւագ ոստիկան, ոստիկանութեան աւագ Հ. Սանթրոսեան խախտած են «Հայաստանի ոստիկանութեան կարգապահական կանոնագիրքը հաստատելու մասին» Հայաստանի օրէնքի 10րդ յօդուածի 4րդ մասի «»չ կէտով նախատեսուած՝ ոստիկանութեան ծառայողի բարոյագիտական կանոնները:
Հայաստանի ոստիկանութեան Երեւան քաղաքի վարչութեան արտաքին գործերու բաժանմունքի պետ, ոստիկանութեան փոխգնդապետ Կ. Բաբայեան խախտած է «Ոստիկանութիւնում ծառայութեան մասին» Հայաստանի օրէնքին 42րդ յօդուածի առաջին մասի պահանջները:
Համաձայն «Ոստիկանութիւնում ծառայութեան մասին» Հայաստանի օրէնքի 42րդ յօդուածի առաջին մասի 2րդ կէտին, 43րդ յօդուածի 6րդ մասի, «Հայաստանի ոստիկանութեան կարգապահական կանոնագիրքը հաստատելու մասին» Հայաստանի օրէնքին՝ Է. Պօղոսեանին, Հ. Սանթրոսեանին եւ Կ. Բաբայեանին տրուած է «խիստ նկատողութիւն»:
Ծառայողական քննութեան նիւթերը ուղարկուած են Հայաստանի յատուկ քննչական ծառայութիւն, ընթացքը կասեցուած է: