ՄԱԿ.- «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Միացեալ Նահանգներու եւ Ռուսիոյ միջեւ գոյացուած համաձայնութեան մը շնորհիւ, ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդը Ուրբաթ, Օգոստոս 7ին վաւերացուցած է բանաձեւ մը, որ պիտի ճշդէ Սուրիոյ մէջ քիմիական զէնքերով յարձակումներու պատասխանատուները, զանոնք արդարադատութեան յանձնելու համար:
Ամերիկեան կողմին առաջարկով պատրաստուած բանաձեւը կը յանձնարարէ ՄԱԿի ընդհանուր քարտուղարին ու Քիմիական զէնքերու տարածման հսկող միջազգային կազմակերպութեան, որ հետաքննիչներու խմբակ մը կը կազմեն՝ ճշդելու համար Սուրիոյ մէջ քիմիական զէնքերու կիրարկման հարցով յանցագործները:
Ամերիկացի պաշտօնատար մը «Ռոյթըրզ»ին յայտնած էր, որ Միացեալ Նահանգներու եւ Ռուսիոյ միջեւ նշեալ բանաձեւին շուրջ համաձայնութիւնը վերջնականացած էր Օգոստոս 5ին, Մալեզիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճան Քերիի եւ Ռուսիոյ անոր պաշտօնակից Սերկէյ Լաւրովի միջեւ հանդիպումին ընթացքին: Քերի Օգոստոս 6ին հաստատեց, որ Լաւրովի հետ այս հարցով համաձայնութիւն գոյացուցած է: