ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր».- Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան դէմ թրքական բանակին կողմէ իրականացուող ռազմական գործողութիւններուն զուգահեռ, կառավարութեան պատուիրակութիւնը հանդիպում մը ունեցած է Իմրալը կղզիին վրայ գտնուող բանտին մէջ ցմահ ազատազրկուած քիւրտ ղեկավար Ապտուուլլահ Օչալանի հետ:
Թուրքիոյ կառավարութիւնը ներկայացնող պատուիրակութիւնը՝ գլխաւորութեամբ հասարակական կարգի պահպանման ու ապահովութեան վարչութեան պետ Մուհամմետ Տերվիշօղլուի, Օչալանի հետ ունեցած հանդիպումէն ետք, անջատ հանդիպում մը ունեցած է նաեւ Իմրալը այցելած քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան պատուիրակութեան անդամներէն՝ Սըրրը Սուրէյա Օնտերի ու Իտրիս Պալուքենի հետ:
«Սի.Էն.Էն. Թիւրք» կը հաղորդէ, թէ կառավարութեան պատուիրակութիւնը Օչալանի եւ քրտամէտ կուսակցութեան պատուիրակութեան անդամներուն հետ հանդիպման ժամանակ առաջ քշած է հաշտեցման գործընթացը ընդհատուած կէտէն վերսկսելու պայմանը, շեշտելով Թուրքիոյ տարածքէն ներս գտնուող զինեալներու զինաթափման կարեւորութիւնը:
Կը հաղորդուի, որ Օչալան պետական պաշտօնեաները խիստ քննադատութեան ենթարկած է՝ ստեղծուած իրավիճակին համար, անոր պատասխանատուն նկատելով փոխադարձ քայլերը արագօրէն կեանքի չկոչելու կառավարութեան կեցուածքը:
Պետական պատուիրակութիւնը խոստացած է շարունակել Օչալանի հետ հանդիպումները:
«Սի.Էն.Էն. Թիւրք» կ՛աւելացնէ, որ Օչալանի հետ հանդիպումները շատ կարեւոր են, քանի որ, ըստ իրեն հասած տեղեկութիւններուն՝ վերջինս հաշտեցման գործողութիւնները վերսկսելու համար նոր ծրագիր պատրաստած է: