ՇԸՐՄԸՆ ՕՔՍ.- Մերտինեան վարժարանի տարեկան ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 4ին, երեկոյեան ժամը 7էն սկսեալ, նորակառոյց «Վերթիկօ» սրահին մէջ (400 W. Glenoaks Blvd. Glendale, CA 91202)։
Հասոյթը պիտի տրամադրուի վարժարանի երկու նոր շէնքերու կառուցման։ Նշենք, որ ծրագիրին հարկաւոր նախնական գումարը տրամադրուած էր տէր եւ տիկին Ալպըրթ եւ Թերի Պեզճեաններուն կողմէ։
Վարժարանի տարեկան ճաշկերոյթի մասնակցութեան սակը 125 տոլար է։
Տեղեր ապահովելու համար, դիմել (818) 907-8149 թիւին։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.