ՆՈՐԹՐԻՃ.- Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Նորթրիճի մասնաճիւղի պաշտօնաթերթը Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 3ին հաղորդած է, թէ գործակցութեան համաձայնութիւն մը ստորագրուած է Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանի տնօրէն Արմէն Տէր Կիւրեղեանի եւ Նորթրիճի համալսարանի անոր պաշտօնակից Տայեն Հերիսընի միջեւ, նպատակ ունենալով սերտացնել երկու համալսարաններուն միջեւ կրթական եւ ուսումնասիրական համագործակցութիւնը։
Համաձայնութիւնը երկու համալսարաններու անձնակազմերուն եւ ուսանողներուն փոխանակման առիթներ պիտի ընծայէ, միաժամանակ՝ քաջալերելով դասաւանդման եւ ուսումնասիրական միացեալ ծրագիրները։
Ստորագրութեան արարողութենէն ետք, Արմէն Տէր Կիւրեղեան բացատրած է, թէ համաձայնութեան մղիչ ուժերէն մէկը այն իրողութիւնն էր, որ Նորթրիճի համալսարանը արդէն իսկ զօրաւոր կապեր ունի շրջանի հայ համայնքին հետ, իսկ Տայեն Հերիսըն յիշեցուցած է, որ համալսարանին մօտաւորապէս 41,500 աշակերտութեան առնուազն 8 տոկոսը հայ է:
Կրթական երկու հաստատութեանց միջեւ համագործակցութիւնը սերտացնելու իբրեւ առաջին գործնական քայլ, Նորթրիճի համալսարանի դասախօսներէն եւ համալսարանի Համայնքային առողջապահութեան հիմնարկի նախկին վարիչ Տայեն Փիլիպոսեան Երեւան պիտի այցելէ, գործակցութեան ծրագիր մը մէջտեղ բերելու նպատակով։
Նշենք, որ Թրբանճեան ընտանիքի կրթական հիմնարկը վերջերս 250,000 տոլարի նուիրատուութեան խոստում մը կատարեց, Նորթրիճի համալսարանի Հայագիտական եւ ուսուցիչներ պատրաստող ծրագիրներուն համագործակցութեամբ՝ հայերէն եւ հայկական մշակոյթ դասաւանդող ուսուցիչներ պատրաստելու նպատակով: