ԵՐԵՒԱՆ.– «Նիուզ»ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին Հայաստանի մօտ Շուէտի ժամանակաւոր հաւատարմատար Արթեն Էնպերկ դիտել տուած է, որ Հայաստանի եւ Եւրոմիութեան հետ համաձայնագիրը պիտի դառնայ այսպէս կոչուած «ճանապարհային քարտէզ»՝ հետագայ համագործակցութեան համար:
Անոր համաձայն՝ ասիկա շատ դրական երեւոյթ պիտի ըլլայ թէ՛ Հայաստանի եւ թէ Եւրոմիութեան համար: «Մենք կ՛ուզենք պաշտօնական շրջանակ համագործակցութեան համար, եւ ատիկա պիտի ձեւաւորուի ընթացք առած բանակցութիւններէն», դիտել տուած է Էնպերկ:
Ի պատասխան այն հարցումին, թէ նոր համաձայնագիրին վերաբերող բանակցութիւնները որքա՛ն արագ տեղի պիտի ունենան՝ դիւանագէտը ըսած է. «Կարելի չէ ատիկա ճշդել, մենք չենք գիտեր այդ մէկը, բայց քանի որ, ինչպէս գիտէք, մենք բանակցութիւններուն մեծ մասը արդէն կատարած են, ուրեմն կը կարծեմ, թէ մենք պիտի կարենանք օգտագործել այդ բնագիրին մեծ մասը։ Սակայն, մենք ստիպուած ենք փոխել որոշ դրոյթներ՝ հաշուի առնելով Հայաստանի միջազգային նոր պարտաւորութիւնները»: