19 Դեկտեմբերին, Մեծն Թորոնթոյի շրջանի Մարքըմ քաղաքին մէջ կայացաւ Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակման պուրակի հողօրհնէքը: Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի Գանատայի մարմինի Օնթարիոյի կազմի ջանքերուն շնորհիւ, Մարքըմի քաղաքապետութիւնը տրամադրած էր հողաշերտ՝ յառաջացնելու համար յատուկ ձեւաւորումով պուրակ մը, որպէսզի անոր ընդմէջէն փոխանցուի վերապրումի եւ վերընձիւղման խորհուրդը: Համայնքի եւ քաղաքապետարանի ներկայացուցիչներու ներկայութեան, քաղաքապետ Ֆրանք Սքարփիթի պուրակը կոչեց «Յոյսի Պուրակ»: Ծառատնկումի աշխատանքները պիտի սկսին գարնան հետ, այս տարուան Մայիսին:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.