Ըստ ֆրանսական սովորութեան՝ ամէն տարեսկիզբին կը յանձնուին Պատուոյ լեգէոնի շքանշաններ այն անձերուն, որոնք իրենց կարեւոր ներդրումը բերած են զանազան բնագաւառներու մէջ։
Այս տարի շքանշանակիրներու ցանկին մաս կը կազմէին պատմաբան Ռեմոն Գէորգեան, որ ստացաւ Պատուոյ լեգէոնի ասպետի շքանշան։ Նոյն աստիճանին արժանացաւ պատմաբան Անահիտ Տէր Մինասեան։ Պատուոյ լեգէոնի ասպետի աստիճան շնորհուեցաւ նաեւ «Թալիս» ճեպընթացին մէջ ահաբեկչական արարքը կանխած Մարք Մուղալեանին, ինչպէս նաեւ դեղագործ, Հայկական Ընկերային օգնութեան ընկերակցութեան նախկին նախագահ Անտրէ Ետիքարտաշեանին։