ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ճան Քըրպի յայտարարեց, որ «սուրիական բանակը Սուրիոյ պետութեան կառոյցներէն մէկն է, զոր պէտք է պահպանել»՝ աւելցնելով. «Իշխանութենէն Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի հեռացումը ամերիկեան պատկերացումին մէջ չէ ճշդուած»:
Նախապէս տարածուած ամերիկեան փաստաթուղթի մը համաձայն՝ Ասատ կրնայ իշխանութեան վրայ մնալ մինչեւ 2017:
«Մենք ուժեղ կերպով կ՛աջակցինք Վիեննայի մէջ ընթացող ներկայ քաղաքական հոլովոյթին, որ կ՛ուղղուի դէպի փոխանցման հանգրուան մը, որ իր կարգին կը պահպանէ պետութեան կառոյցները եւ ժամանակաւոր ընտրութիւններու կ՛առաջնորդէ», ըսաւ Քըրպի՝ աւելցնելով. «Ամերիկա կ՛ուզէ տեսնել սուրիական կառավարութիւն մը, որ կազմուած է ինքնին սուրիացիներուն կողմէ»:
Իր կարգին, Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Միխայիլ Պոկտանով Հինգշաբթի օր յայտարարեց. «Ասատի՝ 2017ին իշխանութենէն հրաժարելու հարցը Վիեննայի մէջ նոյնիսկ չարծարծուեցաւ: Ան նշեց, թէ Ռուսիոյ սկզբունքային կեցուածքը այն է, որ սուրիացիները իրե՛նք են, որ իրենց երկրի ապագային եւ ղեկավարութեան ճակատագիրը կ՛որոշեն: