Կիրակի, 3 Յունուարին, Ֆրանսայի մայրաքաղաք Փարիզի Վենսեն արուարձանին մէջ տեղի ունեցաւ ճատրակի բաց մրցաշարք մը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին մեծ ու փոքր երկսեռ խաղացողներ, որոնք ունէին վարկանշային բարձր դիրքեր՝ միջազգային դասաւորման մէջ:
Այս բաց մրցաշարքին Նանօր Առնելեան լիբանանցի միակ ճատրակ խաղացողն էր:
7 մրցումէն 4 յաղթանակ արձանագրելով եւ իբրեւ պատանի լաւագոյն խաղացող ճանչցուելով, Նանօր Առնելեան արժանացաւ յատուկ մետալի մը ֆրանսացիներուն կողմէ: