Բերիոյ Հայոց թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեանն ու Ազգային վարչութեան ներկայացուցիչները Շաբաթ, 2 Յունուարին, Հալէպի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ ներքնասրահին մէջ հանդիպում մը ունեցան Ազգ. Զաւարեան-Սահակեան, Ազգ. Հայկազեան-Կիւլպէնկեան վարժարաններու եւ Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանի հայերէն դասաւանդող ուսուցիչներուն, տնօրէնութեանց, ինչպէս նաեւ Համազգայինի Սուրիոյ Շրջ. վարչութեան Հայագիտական հիմնարկի դասախօսներուն հետ:
Հանդիպման ընթացքին առաջնորդն ու Ազգ. վարչութիւնը իրագործեցին Ազգ. երեսփոխանական ժողովի 161րդ նիստի որոշումը եւ գնահատանք փոխանցեցին հայերէնաւանդ ուսուցիչներուն, վարժարաններու տնօրէններուն եւ Հայագիտականի դասախօսներուն:
Սրբազան հայրը շեշտեց, թէ հակառակ Սուրիոյ ու մանաւանդ Հալէպի աղէտահար վիճակին, հայերէնաւանդ ուսուցիչը ազգային բարձր գիտակցութեամբ շարունակեց իր առաքելութիւնը՝ ի խնդիր հայեցի սերունդներու պատրաստման ու մասնաւորաբար արեւմտահայերէնի պահպանման:
Սրբազան հայրը շարունակելով իր խօսքը՝ ըսաւ, որ հայերէնաւանդ մեր ուսուցիչներուն նուիրական աշխատանքը բարձրօրէն կը գնահատէ ու կը շեշտէ, թէ տագնապներն ու դժուարութիւնները չեն ընկճած ու ընկրկած հայ ուսուցիչը, որ կը մնայ պատնէշի վրայ, հաւատարիմ իր նուիրական առաքելութեան:
Հուսկ, Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանի տնօրէն Յակոբ Քիլէճեան եւ Հայագիտական հիմնարկի դասախօս Լալա Միսկարեան-Մինասեան յանուն հայերէնաւանդ ուսուցիչներուն, շնորհակալութիւն յայտնեցին Ազգ. վարչութեան եւ սրբազան հօր՝ հայերէնաւանդ ուսուցիչին դերը լուսարձակի տակ պահելու եւ զայն գնահատելու ոգեւորիչ այս մօտեցումին եւ ուշադրութեան համար:
Առաջարկուեցաւ յաջորդաբար հանդիպումներ կազմակերպել եւ նոր ծրագիրներ ու աշխատանքային առաջարկներ ներկայացնել:
Պատշաճ հիւրասիրութենէ ետք ներկաները բաժնուեցան գոհունակութեան զգացումով: