ՎԱՆԳՈՒՎԸՐ, «Հորիզոն».- Կիրակի, Յունուար 10ին, Գանատայի պաշտպանութեան նախարար Հարժիթ Սաժան այցելեց Վանգուվըրի Հայ կեդրոնը, ուր հանդիպում ունեցաւ Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի պատուիրակութեան հետ:
Յանձնախումբի ներկայացուցիչները նախ շնորհաւորեցին Գանատայի Ազատական կուսակցութիւնն ու վարչապետը՝ վերջին ընտրութիւններուն առիթով, որմէ ետք նախարարին փոխանցեցին արցախեան հիմնահարցին գծով յանձնախումբին մտահոգութիւնները, յատկապէս շեշտելով վերջին շրջանին ատրպէյճանական կողմէն հրադադարի խախտման յաճախակի դէպքերը:
Նախարարը խոստացաւ հարցին մասին խորհրդակցիլ Գանատայի արտաքին գործոց նախարար Սթեֆան Տիոնի հետ:
Հանդիպումէն ետք, նախարար Սաժան ներկայ գտնուեցաւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ կիրակնօրեայ արարողութեան, որուն ընթացքին խօսք առնելով՝ բարի գալուստ մաղթեց Վանգուվըր ներգաղթած սուրիահայ ընտանիքներուն:
Նախարարին հետ հարցազրոյց ունեցան Հայ կեդրոն ժամանած Գանատայի շարք մը լրատուամիջոցներ եւ հեռատեսիլի կայաններ: