ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Յունուար 19ին, Հրանդ Տինքի սպանութեան 9րդ տարելիցին, ԵԱՀԿի մամլոյ ազատութեան հարցերով ներկայացուցիչ Տունիա Միաթովիչ կոչ ուղղեց Թուրքիոյ իշխանութիւններուն, որ արագ ու թափանցիկ դատավարութիւն մը ապահովեն, որպէսզի կարելի ըլլայ բացայայտել Տինքի սպանութեան իսկական պատուիրատուները։
Այս մասին հրապարակուեցաւ յատուկ յայտարարութիւն մը, որուն մէջ կը նշուի. «Լիայոյս ենք, որ դատական գործի ծիրէն ներս վերջին զարգացումները օգնեն վեր հանելու եւ պատասխանատուութեան կանչելու սպանութեան իրական պատուիրատուները»։
Տունիա Միաթովիչ վկայակոչեց 2015ի Դեկտեմբերին Պոլսոյ դատախազութեան տուած որոշումը, որով գլխաւոր դատախազը միջնորդած էր հետաքննութեան մէջ ներգրաւելու համար ապահովական մարզի 25 պաշտօնատարներ, որոնց մասնագիտական հաւանական անփութութեան պատճառով տեղի ունեցած է Տինքի սպանութիւնը։
«Վստահ եմ, որ դատավարութիւնը ի վերջոյ արդարութիւն պիտի բերէ Տինքի ընտանիքին, ընկերներուն եւ գործընկերներուն։ Սպանութեան իրական պատուիրատուները բացայայտելը ամբողջ հանրութեան ցոյց պիտի տայ մամլոյ եւ խօսքի ազատութեան կարեւորութիւնը եւ լրագրողներու դէմ կիրառուած բռնութեան դէմ պայքարելու շարունակական անհրաժեշտութիւնը», եզրափակեց ԵԱՀԿի ներկայացուցիչը։
Միւս կողմէ, «Տեմոքրաթհապեր» կայքը կը հաղորդէ, որ Տինքի յիշատակին արարողութիւն մը տեղի ունեցած է նաեւ անոր ծննդավայրին՝ Մալաթիոյ մէջ:
Ի յիշատակ Տինքի, Մալաթիոյ մէջ մեծ թիւով մարդիկ հաւաքուած են այն տան առջեւ, ուր ապրած է պոլսահայ մատաւորականը մինչեւ 7 տարեական: Հաւաքուածներուն անունով ելոյթ ունեցած է Հուսամետտին Քուրուլթայ եւ նշած, որ Տինքի սպանութեամբ՝ մարդկութիւնը կորսնցուց իր քաջ զաւակը, որ կեանքը նուիրած էր յանուն այն գաղափարին, թէ՝ բոլոր ճնշուածներն ու հալածուածները իրենց կեանքը պէտք է պատիւով ապրին: «Արդէն 9 տարի է եւ մեր ցաւն ու զայրոյթը չեն պակսիր: Մենք կրկին հոս ենք ըսելու, որ մեր յոյսը չի՛ պարտուիր», ըսած է Քուրուլթայ: