
ՀԱԼԷՊ, «Գանձասար».- Չորեքշաբթի, 20 Յունուարի յետմիջօրէին, ժամը 3:15ին եւ 3:30ին, զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներու կողմէ «Կրատ» տիպի երկու հրթիռներ արձակուեցան Քելես եւ Մազրաաթ Սառաֆի շրջաններէն, որոնք կը գտնուին Քեսապէն 15-20 քլմ. հեռաւորութեան վրայ. անոնք անցնելով թրքական հողերուն վրայէն՝ հարուածեցին Քեսապի խաղաղ բնակչութեան շրջանները:
Առաջին հրթիռը ինկաւ Քեսապի մզկիթէն 50 մեթր դէպի հիւսիս, իսկ երկրորդը՝ Քեսապի Հայ աւետարանական Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ ետեւի թաղը: Արձանագրուեցան նիւթական վնասներ, մէկ քաղաքացի վիրաւորուեցաւ, սակայն բարեբախտաբար զոհեր չարձանագրուեցան:
Քեսապի բնակիչները եւ յատկապէս իրենց տան շրջափակը խաղացող մանուկները մեծ ցնցում ապրեցան արձակուած հրթիռներուն պատճառով: