ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Արամ Ա. վեհափառի օրհնութեամբ ու տնօրինումով, Բերիոյ Հայոց թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեան Իտալիա մեկնեցաւ, ընդառաջելով Սենթ Էճիտիօ համայնքի հրաւէրին, 20-24 Յունուարին: Սրբազան հայրը նախ եղաւ Նափոլիի մէջ, ուր նոյն համայնքին նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած դասախօսութեան ներկայացուց Միջին Արեւելքի քրիստոնէութեան իրավիճակը եւ սուրիահայութեան ու մասնաւորաբար Հալէպի տագնապալի կացութիւնը, ընդգծելով յատկապէս շրջանին մէջ քրիստոնէական հաւատքի մեր վկայութիւնը: Այս առթիւ սրբազանը յատուկ այցելութիւն մը տուաւ շրջանի կարտինալին, որուն փոխանցեց վեհափառի ողջոյնները եւ ամփոփ զեկոյց մը ներկայացուց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ճամբով սուրիահայութեան կատարուող օժանդակութեանց մասին:
Սրբազանը եղաւ Հռոմի մէջ, ուր Սենթ Էճիտիօ համայնքի կեդրոնին մէջ հանդիպումներ ունեցաւ եւ նոյն ձեւով ներկայացուց Սուրիոյ տագնապի ներկայ զարգացումները: Այս առթիւ սրբազանը տուաւ մամլոյ ասուլիս: Յատուկ կարեւորութեամբ Վատիկանի պաշտoնական մէկ անձնաւորութեան հետ տեսակցութիւնը առիթ եղաւ խօսելու մեր Աթոռին եւ Վատիկանի ջերմ յարաբերութեանց:
Սրբազան հօր յաջորդ հանդիպումները կայացան Նովարա քաղաքին մէջ, ուր նոյնօրինակ զեկուցական ելոյթ ունեցաւ հայ եկեղեցւոյ եւ սուրիահայութեան առնչութեամբ:
Երկուշաբթի, 25 Յունուարին սրբազանը Մայրավանք վերադարձաւ եւ վեհափառին փոխանցեց իր զեկոյցը: