ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– 24 Յունիսին պիտի սկսի Հռոմի սրբազան քահանայապետ Ֆրանսիս պապին Հայաստան այցելութիւնը՝ «Զուարթնոց» միջազգային օդակայանէն, ուր պաշտօնապէս պիտի դիմաւորուի պապը, ապա պիտի ուղղուի Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածին. Մայր Տաճարին մէջ տեղի պիտի ունենայ բարի գալստեան՝ «Հրաշափառ»ի արարողութիւնը:
Նոյն օրը երեկոյեան քահանայապետը Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի նստավայրին մէջ հանդիպում պիտի ունենայ նախագահ Սերժ Սարգսեանին, ապա՝ Հայաստանի իշխանութիւններուն, հասարակութեան եւ դիւանագիտական կազմի ներկայացուցիչներուն հետ: Այցելութեան առաջին օրը պիտի ամփոփուի Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինի մէջ կայանալիք Ֆրանսիս պապին եւ Գարեգին Բ. Ամենայն հայոց կաթողիկոսին հանդիպու-մով:
Յունիս 25ի առաւօտեան պապը պիտի այցելէ Ծիծեռնակաբերդ՝ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յուշահամալիր եւ թանգարան: Այնուհետեւ, Ամենայն հայոց կաթողիկոսին հետ, պիտի մեկնի Գիւմրի, ուր Ս. պատարագ պիտի մատուցուի Վարդանանց հրապարակին վրայ: Գիւմրիի մէջ պապը նաեւ պիտի այցելէ Անարատ Յղութեան հայ քոյրերու միաբանութեան «Տիրամայր Հայաստանի» կուսաստան, Հայաստանեայց առաքելական Ս. եկեղեցւոյ Շիրակի թեմի առաջնորդանիստ Եօթ Վէրք Ս. Աստուածածին եկեղեցի եւ Սրբոց Նահատակաց հայ կաթողիկէ Մայր Տաճար: Նոյն օրը երեկոյեան, Երեւանի մէջ՝ Հանրապետութեան հրապարակին վրայ, տեղի պիտի ունենայ էքումենիք արարողութիւն եւ Խաղաղութեան Աղօթք:
26 Յունիսին Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինի մէջ Հռոմի քահանայապետը հանդիպում պիտի ունենայ Հայ կաթողիկէ եպիսկոպոսներուն հետ, պիտի մասնակցի Ս. պատարագի արարողութեան եւ էքումենիք ճաշկերոյթին՝ Ամենայն հայոց կաթողիկոսին, Հայաստանեայց առաքելական Ս. եկեղեցւոյ արքեպիսկոպոսներու եւ եպիսկոպոսներու, Հայ կաթողիկէ արքեպիսկոպոսներու եւ եպիսկոպոսներու ու պապական պատուիրակութեան հետ: Ապա Ֆրանսիս պապը հանդիպում պիտի ունենայ հայ եկեղեցւոյ պատուիրակներու եւ բարերարներու հետ:
Հռոմի քահանայապետը եւ Ամենայն հայոց կաթողիկոսը պիտի ստորագրեն Միացեալ յայտարարութիւն: Հովուապետները նաեւ աղօթք պիտի մատուցեն Խոր Վիրապի վանքին մէջ:
Նոյն օրը Ֆրանսիս պապը Երեւանէն պիտի մեկնի Վատիկան: