ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Ուրբաթ, Մայիս 6ի երեկոյեան, Կլենտէյլի Երիտասարդական կեդրոնին մէջ կայացած ՀԵԴ Կլենտէյլի «Ռուբէն» ուխտի «Արցախեան գիշեր» ձեռնարկին ընթացքին, ի մի եկած էին ՀԵԴի եւ ՀԵԴ Կրտսերներու անդամներ, ինչպէս նաեւ համակիրներ, վերջին տեղեկութիւնները ստանալու համար Արցախի իրադարձութիւններուն մասին եւ վայելելու համար գեղարուեստական յայտագիրը։ Ձեռնարկը նաեւ առիթ եղած է դրամահաւաք կատարելու, ինչի շնորհիւ, հաւաքուած 3500 տոլարը յատկացուած է «Մեր զինուորներուն կողքին» արշաւին։
«Նման ձեռնարկներ առիթ կը հանդիսանան Արցախին աջակցելու գծով մեր ջանքերը համախմբելու։ ՀԵԴի ուժը ոչ թէ հաւաքուած գումարին կամ մասնակիցներու թիւին մէջ է, այլ՝ աշխատանքին նկատմամբ ցուցաբերուած եռանդին մէջ», յայտնած է ՀԵԴ Կլենտէյլի «Ռուբէն» ուխտի անդամ Արմիկ Պօղիկեան։
Ձեռնարկը սկսած է «Ռուբէն» ուխտի վարչութեան անդամ Փաթիլ Տէրտէրեանի բացման խօսքով. ան շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն, որոնք կը շարունակեն նեցուկ կանգնիլ Արցախի ժողովուրդին, այս վտանգաւոր օրերուն։
Ապա, ձեռնարկի կազմակերպիչ անդամներէն Օտրի Ճոզէֆբեկ եւ Վազգէն Բարսեղեան ներկայացուցին հայկական ժողովրդային երգեր, ի պատիւ Արցախի ազատութիւնն ու ապահովութիւնը երաշխաւորող հայ զինուորներուն։
Այնուհետեւ, ՀԵԴի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Գեւ Իսքաճեան խօսեցաւ Արցախի իրադարձութիւններուն մասին՝ կոչ ընելով համայնքին, որ միշտ մօտէն հետեւի Արցախի կացութեան։
«Արցախի անկախութիւնը կարելի դարձաւ տասնեակ հազարաւոր զինուորներու եւ անոնց ընտանիքներու զոհողութիւններուն գինով, իսկ այժմ մեր պարտականութիւնն է անոնց կերտած յաղթանակը պահպանել՝ Արցախի ժողովուրդին կողքին կանգնելով», յայտարարած է Իսքաճեան։
Անոնք, որոնք կը փափաքին աջակցիլ ՀԵԴի նախաձեռնած «Մեր զինուորներուն կողքին» արշաւին, կրնան այցելել withoursolders.com կայքը կամ
կայքէջը։