ՍԵՒԱՆ ՏԷՅԻՐՄԵՆՃԵԱՆ
Այսօր ինչպէ՞ս լռութեամբ ընդունիս բանտարկութիւնը փորձառու լրագրող Այտըն Էնկինի՝ մէկը, որ Հրանդին նահատակութենէն ետք ալ շարունակած էր ձեռք մեկնել, օժանդակել քեզի, «Ակօս»ին միջոցով։ Հա՞պա լրագրող Քատրի Կիւրսելը, որ Ծիծեռնակաբերդի յուշարձանը բարձրացած ու յարգանքի իր տուրքը մատուցած էր Մեծ Եղեռնի զոհերու յիշատակին։ «Մեր հայ եղբայրները, հայ ժողովուրդը անմոռուկ ծաղիկը գործածեր են՝ որպէսզի ապրուած ցաւերը, ցեղասպանութիւնը, կորուստները չմոռցուին։ Մենք երբեք չենք մոռցած ու պիտի չմոռնանք ալ։ Մեր հոգիի խորքը կ՚ապրինք այս ցաւը, այս կոտորածը, այս ցեղասպանութեան հետեւանքով ստեղծուած ողբերգութիւնը»։ Տիյարպեքիրի քաղաքապետ Կիւլթան Քըշանաքի խօսքերն են՝ Ցեղասպանութեան 100-ամեակի ոգեկոչման առթիւ Տիյարպեքիրի մէջ կայացած սգահանդէսին։ Հիմա բանտարկուած է, հեռացուած պաշտօնէն, ուր կոչուած էր տիյարպեքիրցիներու 55 առ հարիւրի քուէով։ Արժանի չէ՞ ուշադրութեանդ, հետաքրքրութեանդ։ Կամ արձակագիր Ասլը Էրտողա՞նը, որու մէկ յօդուածը թարգմանած ու տպած էի՝ ցոյց տալու համար մարդասիրական իր կեցուածքը նաեւ Մեծ Եղեռնի զոհերուն առջեւ՝ մտածելով, թէ թերեւս կը թրթռացնեմ հետաքրքրութեանդ ջիղը։ Եւ դեռ Նեպիլ Էօզկենթիւրքը, Ճան Տիւնտարը, Նեճմիյէ Ալփայը, Ալթան եղբայրները, միւսները, մարդիկ, որոնք այս բարդ հասարակութեան լուսատուներն են։ Եւ հիմա բանտարկուած են կամ բանտարկուելու սպառնալիքին տակ կը գտնուին։
Չե՞ս կարծեր, այս ճնշումները նաեւ քեզի կը վերաբերին։ Երկուութիւնը ո՛չ թէ անտարբերութեան, այլ յարմարուողականութեան կ՚առաջնորդէ քեզ։ Եւ վաղ թէ ուշ այս խաւարը քեզ ալ պիտի պատէ ու այն ժամանակ խօսելու կամ բողոքելու առիթ երբեք պիտի չունենաս։
Նաեւ սփիւռքահայերուն է խօսքս։ Կը սիրէք Թուրքիա գալ, այցելել մեր հայրենի բնակավայրը, յուշարձանները, որոնք դեռ կանգուն են, ցուցահանդէսներ, համերգներ սարքել այստեղ, համագործակցիլ տեղացի արուեստագէտներուն, մտաւորականներուն հետ։ Ուժ կու տաք մեզի այս կերպով։ Սակայն այսօր վտանգուած են այն բոլոր վայրերը, ուր կ՚այցելէք, այն բոլոր անձերը, զոր կը սիրէք եւ որոնց հետ կը համագործակցիք։
Ձայն մը… Պզտիկ նեցուկ մը։
Գոնէ ըսելու համար, թէ չէք ընդունիր կատարուած անարդարութիւնները։
Գոնէ յաջորդ սերունդները գիտնան, որ յանցակիցը, ընդունողը, վաւերացնողը չէիք կատարուածներուն։