ՄԱԼԹԱ.- Նոյեմբեր 19ի երեկոյեան, Մալթայի մէջ տեղի ունեցած «Մանկական Եւրոտեսիլ-2016» երգի մրցումը շահած է Վրաստանի ներկայացուցիչ Մարիամ Մամադաշվիլին: Հայաստանը ներկայացնող Անահիտ Ադամեանը եւ Մերի Վարդանեանը գրաւած են երկրորդ տեղը:
Հայ աղջիկները հանդէս եկած են Աւետ Բարսեղեանի եւ Նիկ Էգիբեանի հեղինակած «Տարբեր» երգով:
Այս տարի, մրցումին կը մասնակցէին 17 երկիրներէ ժամանած ներկայացուցիչներ:
«Մանկական Եւրոտեսիլ»ի կանոնակարգին մէջ տեղի ունեցած փոփոխութիւններուն համաձայն՝ հեռատեսիլի ակնդիրները այլեւս չեն կրնար մասնակցիլ քուէարկութեան: Յաղթականը կ՛որոշուի բացառապէս դատակազմին ընտրութեամբ: