ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- ՆԱԹՕի ընդհանուր քարտուղար Ենս Սթոլթենպերկ յայտարարած է, որ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ սահմանի բացումը միայն այդ երկու երկիրներուն խնդիրն է. այս մասին գրած է թրքական «hedefhalk.com» կայքը:
Պոլսոյ մէջ կայացած ՆԱԹՕի խորհրդարանական վեհաժողովի 62րդ նստաշրջանին ընթացքին, ընդհանուր քարտուղարը պատասխանած է հայկական պատուիրակութեան ղեկավար Կորիւն Նահապետեանի այն դիտարկումին, թէ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ սահմանը փակ պահող թրքական իշխանութիւններուն համար, այս իրավիճակը դժուարութիւններ կը ստեղծէ նաեւ Եւրոմիութեան անդամակցութեան շուրջ Թուրքիոյ բանակցութիւններուն մէջ:
«Ասիկա երկկողմանի խնդիր է եւ պէտք է քննարկուի երկկողմանի մակարդակով: Այս մէկը միայն Թուրքիոյ եւ Հայաստանի խնդիրն է», շեշտած է Սթոլթենպերկ:
Թրքական կայքը Կորիւն Նահապետեանի հարցումը «սադրի»չ որակած է: Աւելի կանուխ, Կորիւն Նահապետեան նաեւ մերկացուցած էր Թուրքիան՝ նիստը հիւրընկալող երկիրը ներկայացնելով իբրեւ ահաբեկչութիւն հովանաւորող պետութիւն: Հայ պատգամաւորին այս պնդումը զայրացուցած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլուտ Չաւուշօղլուն։
Նահապետեան յայտարարած էր նաեւ, որ Թուրքիա կ՛աջակցի «Իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորման, որուն ի պատասխան՝ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը ըսած է, թէ հայկական կողմին պնդումը «անարդար» է: