ՎԱՐԱԳ ԳԵԹՍԵՄԱՆԵԱՆ
Դժուար է, հաւանաբար, որոշել՝ ճակատագիրի դառն կատա՞կ է արդեօք, թէ պարզապէս պատմական զուգադիպութիւն, որ Ապրիլ 2ի համար որոշուած Հայաստանի խորհրդարանական ընտրութիւնները կը համընկնին Ապրիլեան քառօրեայ պատերազմի առաջին տարելիցին. երկու առումով՝ այս տարուան Ապրիլ ամիսը պիտի ըլլայ նշանակալի։
Առաջին՝ խորհրդարանական ընտրութիւններով ակնկալուող եւ Հանրապետութեան նոր Սահմանադրութեամբ ամրագրուած համակարգային փոփոխութիւնները, որոնք, ըստ փորձագէտներու՝ տեղաշարժի պիտի ենթարկեն հայկական ներքին քաղաքական դաշտը, ըլլայ անիկա մինչ օրս կազմուած քաղաքական դաշինքներու կուսակցական կերպափոխումով թէ պարզապէս խորհրդարանին մէջ քաղաքական նոր ուժերու մասնակցութեամբ:
Երկրորդ՝ այս տարուան Ապրիլ ամիսը յատուկ է այն իմաստով, որ 2016 տարուան նոյն ամսուան ընթացքին Ատրպէյճանի սանձազերծած քառօրեայ պատերազմի հետեւանքներն ու անոր պատճառած մարդկային կորուստներու ծանր յիշատակը կը շարունակեն շատ թարմ մնալ զոյգ հանրապետութիւններուն ողջ տարածքին: Հետեւաբար, այս տարուան Ապրիլը իր մէջ պիտի պարունակէ հաւանաբար շա՛տ աւելի՝ այսպէս ասած՝ թանձր քաղաքական լիցք մը, քան՝ նախորդ տարիներն ու ընտրութիւնները:
Ապրիլեան պատերազմի նահատակներուն համար կազմակերպուելիք միջոցառումները ընտրութիւններու անցուդարձով չխանգարելու նպատակով, վերջերս, Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան, Հանրապետական կուսակցութեան համաժողովի մը ընթացքին յայտարարեց, թէ պատրաստ է ստորագրելու հրամանագիր մը՝ յետաձգելու համար մինչ օրս ճշդուած եւ տակաւին առկայ ընտրութիւններուն թուականը, ստանալէ ետք քաղաքական բոլոր ուժերուն հաւանութիւնը այս հարցին կապակցութեամբ:
Յօդուածագիրիս համեստ կարծիքով, Հայաստանի քաղաքական ուժերը կը համաձայնին նախագահին այս վերջին առաջարկին՝ ո՛չ միայն այն պատճառով, որ նման քայլ մը յաւելեալ ժամանակ պիտի ընձեռէ իւրաքանչիւրին, աւելի ու աւելի կազմակերպելու համար ընրապայքարը, այլ նաեւ այն պարզ տրամաբանութեամբ, որ ապրիլեան նահատակները բոլորին հերոսներն են, զոհուած տղաները հայոց բանակի ներկայացուցիչներն են, հաւանաբար՝ Հայաստանի մէջ այն վերջին քաղաքական հաստատութիւնը (political institution), որուն ժողովուրդը դեռեւս կը նայի ակնածանքով: Սակայն, խնդիրը միայն թուականի մը փոփոխութինը կամ ընտրական հաշիւները չեն, անշո՛ւշտ. նախագահի այս քայլը պայմանաւորուած է այն երախտագիտութեամբ կամ յարգանքով, զոր հայ ժողովուրդը՝ ըլլայ Սփիւռքի թէ Հայաստանի մէջ, կը տածէ ապրիլեան նահատակներուն հանդէպ։ Քառօրեայ պատերազմի առաջին տարելիցը որքա՛ն մօտենայ, այնքա՛ն ականատես պիտի դառնանք տարբեր քաղաքական շրջանակներէ եւ մակարդակներէ հնչած ճառերու, կազմակերպուած յիշատակի ձեռնարկներու… Ապրիլ երկուքը որքա՛ն մօտենայ, այնքա՛ն պիտի հնչեն երախտապարտութեան խօսքեր, պիտի շատնան յետ մահու պարգեւատրութեան մետալները: Բոլորը շեշտը պիտի դնեն մէկ հիմնական կէտի վրայ՝ Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութիւններու ֆիզիքական ապահովութեան ու գոյութեան։
Այսինքն՝ յաջորդ երկու կամ երեք ամսուան ընթացքին դեռ շատ պիտի խօսինք ու լսենք ապրիլեան հերոսներու կտակին, անոնց մատուցած մեր երախտագիտութեան տուրքին մասին: Երկար է դեռ ցանկը այն բոլոր պետական պաշտօնեաներուն՝ սկսած նախագահէն մինչեւ իսկ ամենահամեստը, որոնք պիտի կրկնեն՝ «Եթէ չունենայինք ապրիլեան հերոսները, պիտի չունենայինք Հայաստանն ու Արցախը. փա՜ռք ու յարգանք անոնց»։ Սակայն, նկատի ունենալով այս տարուան Ապրիլ ամսուան ներկայացուցած քաղաքական կարեւորութիւնը՝ այս բոլորը կրնան մնալ լոկ խօսքեր, որոնք առաւելագոյն պարագային՝ հնչեղութիւն պիտի ունենան այդ օրուան միջոցառումներու ընդհանուր պարունակին մէջ:
Հետեւաբար, եթէ Հայաստանի իշխանութիւնները կամ որեւէ այլ քաղաքական ուժ, ըլլայ անիկա իշխանամէտ թէ ոչ, կ՛ուզեն իրապէ՛ս յարգել ու յաւերժացնել ապրիլեան նահատակներու կտակը, ապա պարտին ամէն գնով արդար ու օրինաւոր ընտրութիւններ կազմակերպել: Եթէ ապրիլեան նահատակներու պատգամն է՝ «Հայրենիքը ամէն բանէ առաջ եւ վեր», ուրեմն Հայաստանի իշխանութիւններուն համար հրամայական ու նաեւ բարոյական պարտաւորութիւն է էապէ՛ս առնել այս փիլիսոփայութիւնը եւ զայն դարձնել քաղաքական ազատ կամքի դրսեւորման միջոց: Եթէ Ապրիլեան նահատակներու կտակը հայրենիքի ֆիզիքական ապահովութիւնն էր, ապա իշխանութիւններուն եւ բոլոր քաղաքական կողմերուն համար հրամայակա՛ն է այդ ժառանգը պահպանել ու երաշխաւորել՝ ազատ, մրցունակ եւ արդար ընտրութիւններու գոյութեամբ, այլ ոչ միայն տարելիցներու կազմակերպումով կամ Եռաբլուր այցելութեամբ:
Եթէ ապրիլեան նահատակներէն իւրաքանչիւրը թանկ է իշխանամէտ կամ ընդդիմադիր քաղաքական ուժերուն համար, ապա հրամայակա՛ն է, որ այդ մէկը արտացոլայ ոչ միայն գուլիսներէն, այլ երկրի ներքի՛ն կառավարման համակարգի արժանավայել կառուցումով:
Ահաւասիկ միայն այս ձեւով է, որ խարսխած կ՛ըլլանք յաջորդ ընտրութիւնները հայրենիքի փրկութեան գաղափարախօսութեան վրայ, որ շատերու կողմէ կը հնչէ վերջերս: Ահաւասիկ միայն այս ձեւով է, որ անոնց թիկունքը ապահոված կ՛ըլլանք: Վերջապէս, ահաւասիկ միայն այս ձեւով է, որ իսկապէ՛ս իմաստաւորած կ՛ըլլանք ապրիլեան հերոսներու կտակը ու իրապէ՛ս յարգած՝ հայոց բանակի 25ամեակը, որ ընդամէնը օրեր առաջ նշեցինք:
vketsemanian@gmail.com
VARAG JAN, I HONESTLY CAN’T TRUST A POLITICIAN IN ARMENIA, BUT AT THE SAME TIME LOOK AT THE AFFAIRS OF THE ARMENIANS WHO WERE INVOLVED WITH THE FROM AXA (FRENCH INSURANCE CO).
W H O D O Y O U T R U S T ? ? ?
Վստահ, որ ամէն հայ կը ձայնակցի այս յօդուածով արտայայտուած մտածումներուն…: