ՊԵՐԼԻՆ, «Ռոյթըրզ».- Գերմանիա Թուրքիոյ կոչ ուղղեց իր յայտարարութիւնները մեղմացնելու եւ երկկողմանի յարաբերութիւններուն յաւելեալ վնաս պատճառելէն զգուշանալու:
Յիշեցնենք, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքելը ամբաստանած էր «նացիական գործելաոճ կիրարկելու» յանցանքով։
Մերքել, անդրադառնալով թուրք-գերմանական լարուած յարաբերութիւններուն՝ ըսաւ. «Տակաւին ի զօրու է իմ այն յայտարարութիւնը, թէ Թուրքիոյ կողմէ հնչող՝ նացիներու հետ համեմատութիւնները պէտք է դադրին: Դժբախտաբար, այդ համեմատութիւնները չեն դադրած, եւ մենք պիտի չարտօնենք, որ «Նպատակը կ՛արդարացնէ միջոցը» պատրուակը շահագործուի՝ անտեսելով նացիներուն կողմէ հալածուածներուն ու սպաննուածներուն տառապանքը»:
Իր կարգին, Գերմանիոյ խորհրդարանի Քրիստոնեայ ժողովրդավար միութեան թուրք ծագումով երեսփոխան Ճեմիլէ Եուսուֆ յայտարարեց, որ Էրտողան ներողութիւն պէտք է խնդրէ Գերմանիոյ վարչապետէն։ Եուսուֆ դիտել տուաւ, որ Էրտողանի խօսքերը անհիմն են ու դժգոհութիւն յառաջացուցած են նաեւ գերմանաբնակ թուրքերու մօտ։ «Այդպիսի մեղադրանքներ վնաս կը պատճառեն գերմանացի թուրքերու հեղինակութեան, ինչպէս նաեւ՝ գերմանաբնակ թուրքերու եւ գերմանացիներու յարաբերութիւններուն», ըսաւ Եուսուֆ։