ՊԷՅՐՈՒԹ.- «Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ Սուրիոյ հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերը վար առած են Քընէյթրա քաղաքին վերեւը թռիչք կատարող իսրայէլեան անօդաչու թռչող սարք մը:
Դամասկոս կը հաղորդէ, որ սարքը վար առնուած է՝ Սուրիոյ օդային տարածքը խախտելուն համար:
Իսրայէլեան բանակը Մարտ 21ին հաստատեց Սուրիոյ մէջ մարտավարական հետախուզական անօդաչու թռչող սարքի մը կորուստը։