ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ապրիլ 21էն սկսեալ Միացեալ Նահանգներու տարածքին ցուցադրուող եւ Հայոց Ցեղասպանութեան առնչուող «Խոստումը» ֆիլմը, Չորեքշաբթի, Մարտ 22ին ցուցադրուեցաւ Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի շէնքին մէջ, ներկայութեամբ մեծ թիւով քոնկրեսականներու եւ անոնց բարձրաստիճան խորհրդականներուն։
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը նշէ, թէ ցուցադրութեան ներկայ եղած են նաեւ մայրաքաղաք Ուաշինկթընի դիւանագիտական համայնքէն ներկայացուցիչներ, Հայաստանի եւ Արցախի ներկայացուցիչներ ու համակիրներ, լուսարձակի տակ առնելով Ցեղասպանութեան ճանաչման աշխատանքին նպաստող սոյն ֆիլմը։
Քոնկրեսի Հայկական համախմբումին, Գըրգ Գըրգորեանի «Սըրվայվըլ Փիքչըրզ»ին եւ ֆիլմը տարածելու իրաւունքը ապահոված «Օփըն Ռոտ Ֆիլմզ» ընկերութեան համատեղ ջանքերով կազմակերպուած նշեալ ցուցադրութեան աւարտին, ներկաները նաեւ առիթ ունեցան կարծիքներ փոխանակելու ֆիլմի՝ «Օսքար» մրցանակի արժանացած բեմադրիչ Թերի Ճորճին եւ գործադիր արտադրող Էրիք Էսրայէլեանին հետ, համադրութեամբ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեանի։
Յիշեցնենք, որ ֆիլմին գլխաւոր դերակատարներն են Քրիսչըն Պէյլ, որ նոյնպէս արժանացած է «Օսքար»ի, եւ Օսքար Այզիք, որ շահած է «Կոլտըն Կլոպ» մրցանակը, ինչպէս նաեւ Շարլոթ Լը Պոն, Շոհրէ Աղտաշլու եւ Էնճըլա Սարաֆեան: Ֆիլմին բեմագիրներն են Թերի Ճորճ եւ Ռապըն Սուիքորտ: