ԵՐԵՒԱՆ, «Արմռատիօ».- Այս տարուան Յունուարէն արդէն ստեղծուած էր Զինծառայողներու ապահովագրութեան հիմնադրամը եւ սկսած գործելու այսպէս կոչուած «1000 դրամներ»ու համակարգը: Հիմնադրամին կողմէ առաջին փոխհատուցումները արդէն կատարուած են:
Արդարեւ, Մարտ 21ին, առաջին անգամն ըլլալով կիրառուեցաւ Հայաստանի քաղաքացիներու աշխատավարձէն ամսական հազար դրամներու փոխանցումով ձեւաւորուած հիմնադրամի փոխհատուցումը: Պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեան «Արմռատիօ»ի թղթակիցին յայտնած է, որ 19ամեայ Գոռ Գարեգինեան եւ Անդրանիկ Մուսիկեան, որոնք իրենց ժամկէտային ծառայութիւնը կ՛իրականացնէին Արցախի մէջ, պարտականութեան ճամբուն վրայ զոհուած էին հակառակորդի գնդակէն: Գեղարքունիքի մարզի Գեղհովիտ համայնքի բնակիչ Անդրանիկը զոհուած էր Յունուար 18ին, իսկ, Գոռը, որ Շիրակի մարզի Շիրակ գիւղէն էր՝ զոհուած էր Փետրուար 6ին: Նորաստեղծ հիմնադրամը այս զինծառայողներու ընտանիքներուն արդէն տրամադրած է օրէնքով նախատեսուած փոխհատուցումը՝ 10ական միլիոն դրամը: Ընտանիքները նաեւ հիմնադրամէն կը ստանան ամսական լրացուցիչ 200,000ական դրամ՝ յետագայ 20 տարիներուն:
Այս պահու դրութեամբ, հիմնադրամի հաշուեհամարին մէջ կայ 922 միլիոն 655 հազար 495 դրամ:
Նշենք, որ այս տարուան Յունուարէն ի վեր Հայոց Բանակը տուած է 10 զոհ: