ՄՈՍԿՈՒԱ.- Երեքշաբթի, 4 Ապրիլին, Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցաւ ԱՊՀ անդամ պետութիւններու անվտանգութեան մարմիններու եւ յատուկ ծառայութիւններու ղեկավարներու հերթական խորհրդակցութեան նիստը՝ նուիրուած 1992 թուականին ԱլմաԱթայի մէջ ստորագրուած «ԱՊՀ պետութիւններու հետախուզական ծառայութիւններու գործունէութեան հիմնական սկզբունքներ»ու շուրջ համաձայնագիրի 25րդ տարեդարձին:
Նիստի աշխատանքներուն մասնակցելու համար Մոսկուա ժամանած էր Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան պատուիրակութիւնը՝ գերատեսչութեան տնօրէն զօրավար Գ. Կուտոյեանի գլխաւորութեամբ: Սոյն նիստին կը մասնակցէին Ռուսիոյ Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Նիկոլայ Փաթրուշեւ, Արտաքին հետախուզութեան ծառայութեան տնօրէն Սերգէյ Նարիշքին, Արտաքին գործոց նախարար Սերգէյ Լաւրով, Դաշնային անվտանգութեան ծառայութեան առաջին փոխտնօրէն Սերգէյ Սմիրնով եւ ԱՊՀ երկիրներու գործադիր կոմիտէի նախագահ, գործադիր քարտուղար Սերգէյ Լեբետեւ: