ԱԹԷՆՔ.- Կիրակի, 26 Մարտին, Հայ Գթութեան Խաչի Ալեքսանդրուպոլսի «Երեւան» մասնաճիւղի նորընտիր վարչութեան կազմակերպութեամբ, «Տարօնեան» սրահում տեղի ունեցաւ միջոցառում՝ նուիրուած Կանանց Օրուան:
Ձեռնարկը իւրօրինակ ձեւով ծաղկեցրին հիւսիսային շրջաններում յայտնի հայ երգ ու պարի կատարողներ Արմէն Աղինեան, Վանիկ Սարգսեան, Սրապ Վարդանեան եւ Գէորգ Գէորգեան:
Բացման խօսքն առաւ ատենապետուհի ընկերուհի Մարիամ Փետեւոտեան՝ բարի գալուստ մաղթելով բոլորին, յայտնելով իր երախտիքը ներկայ գտնուող շուրջ 80 հայրենակիցներին, ինչպէս նաեւ շնորհաւորեց կանանց եւ աղջիկների տօնը՝ մաղթելով ամենայն բարիք: Ինչպէս նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց երաժիշտ-կատարողներին, որոնք սիրայօժար յանձն առան գեղեցկացնել ձեռնարկը:
Այնուհետեւ, իւրաքանչիւր կնոջ նուիրուեցաւ մէկական ծաղիկ եւ հաւաքուած ժողովուրդը վայելեց միութեան կողմից պատրաստուած հիւրասիրութիւնը:
Յայտագիրը գեղեցկացրեցին նաեւ մասնաճիւղի ընկերուհի Աշխէն Սեթոյեանի գրած բանաստեղծութիւնները՝ նուիրուած մայրերին, որոնք կարդաց Գայեանէ Դաւթեան:
Ուրախ մթնոլորտով շարունակուեց եւ աւարտուեցաւ ձեռնարկը՝ միութիւնը արժանացնելով ամենաբարձր գնահատանքին:
(ԹՂԹԱԿԻՑ)