ԹՈՐՈՆԹՕ.- Շաբաթ, 17 Յունիսի երեկոյեան, Թորոնթոյի հայ կաթողիկէ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ, տեղւոյն Մխիթարեան սանուց միութեան նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցաւ Մխիթար աբբահօր Վենետիկի Ս. Ղազարի վանք մուտքին 300ամեակը:
Ներկայ էին քաղաքական կազմակերպութիւններու, դեսպանութիւններու բազմաթիւ ներկայացուցիչներ, կրօնական դէմքեր, Գանատայի մէջ Հայաստանի դեսպանատան ներկայացուցիչ Պերճ Ռիչըրտ Սվազլեան, Գանատայի եւ Հիւսիսային Ամերիկայի հայ կաթողիկէ առաջնորդ Միքայէլ եպս. Մուրատեան, ինչպէս նաեւ Ս. Ղազարի վանքի նախկին սաներ եւ տեղւոյն հայ համայնքէն հոծ բազմութիւն մը։
Աբբա, գիտուն, աստուածաբան եւ 1701ին Մխիթարեան միաբանութեան հիմնադիր Մխիթար Սեբաստացիի ժառանգութիւնն ու վաստակը ոգեկոչուեցան պատշաճ շուքով:
Մխիթար աբբահօր գլխաւոր նպատակն էր բարձրացնել հայոց հոգեւոր եւ մտաւոր կրթութեան մակարդակը: Մխիթար Սեբաստացի միաբանութիւնը հիմնեց Պոլսոյ մէջ, բայց խուսափելու համար հալածանքներէ՝ զայն փոխադրեց նախ Մեթոն (Յունաստան), ապա 1717ին Վենետիկ՝ Ս. Ղազար: Այս 300 տարիներուն ընթացքին, մխիթարեան հայրերը արտադրած են աւելի քան 2000 հատոր, յաջողած են հաստատել հայերէնով թէ այլ լեզուներով աւելի քան 200,000 գիրքերով օժտուած գրադարան մը: Վիեննայի Մխիթարեանները նոյնպէս հրատարակած են աւելի քան 2000 հատոր եւ կազմած զանազան լեզուներով աւելի քան 300,000 գիրքերէ բաղկացած գրադարան մը: Երկու ուխտերը տասնեակներով վարժարաններ հիմնած են Միջին Արեւելքի, Եւրոպայի եւ Լատինական Ամերիկայի մէջ: Անոնք կը պահպանեն հսկայական արխիւներ՝ անգնահատելի մատենագրութիւններու, արուեստի գործերու եւ քարտէսներու: Այս ամբողջը տեղի պիտի չունենար առանց Մխիթար աբբահօր տեսլականին, վաստակին ու նուիրումին:

Նախ խօսք առաւ օրուան գլխաւոր բանախօսը՝ Լիբանանի Մխիթարեան միաբանութեան մեծաւոր հայր Մեսրոպ Ծ. վրդ. Սիւլահեան: Ան մանրամասնօրէն ներկայացուց Մխիթար աբբահօր անձը, կեանքը, գործը: Իր բանախօսութիւնը ներկայացուց հայերէնով, անգլերէնով եւ իտալերէնով:
Անոր յաջորդեց Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ հիմնադիր, ձեռնարկը հիւրընկալող Եղիա վրդ. Քիրեճեան: Ան մեծարեց Մխիթարեան միաբանութիւնը եւ դրուատեց մխիթարեան նախկին սաներն ու անոնց այս առթիւ տարած աշխատանքը, որոնք ջանք չեն խնայած որպէսզի ձեռնարկը ըլլայ իսկապէս բացառիկ: Եղիա ըսաւ, որ Մխիթարեան նախկին սաները յաջողած են իւրայատուկ համայնք մը հիմնել Թորոնթոյի մէջ:
Իրմէ ետք խօսք առաւ Թորոնթոյի Մխիթարեան սանուց միութեան փոխնախագահ Յարութ Մարտիրոսեան:
Իտալիոյ հիւպատոսարանի ներկայացուցիչ Մարիա Քրիսթինա Մինիաթի իր ուրախութիւնն ու երջանկութիւնը յայտնեց Ս. Ղազարի մխիթարեաններուն նման բարձր գնահատուող միաբանութեան մը պաշտպանութեան՝ իր երկրին ունեցած ներդրումին համար: Ան նաեւ իր հպարտութիւնը յայտնեց՝ ի տես միաբանութեան հոգեւոր եւ մտաւորական իրագործումներուն:
Կարդինալ Քոլինզի ներկայացուցիչ հայր Թիմոթիի ելոյթէն ետք գործադրուեցաւ գեղարուեստական բաժին մը բանաստեղծութիւններով, երգերով ու երաժշտութեամբ: