ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Հինգշաբթի, 22 Յունիսի երեկոյեան, Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանքին մէջ Արամ Ա. վեհափառը շուրջ երկու ժամ տեւողութեամբ հանդիպում–զրոյց մը ունեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Հայագիտական ուսմանց դասընթացքի ուսանողուհիներուն հետ: Հայրապետին բնորոշումով, մեծապէս գօտեպնդիչ պահ մը ստեղծուեցաւ՝ ի տես հայագիտական մարզէն ներս ուսանողուհիներուն ձեռք ձգած լայն ծանօթութիւններուն ու ինքնավստահութեան:
Շուրջ երեք տարիներէ ի վեր Անթիլիասի Մայրավանքէն ներս, վեհափառին անմիջական հովանաւորութեան տակ գործող հայագիտական այս ձեռնարկը հետզհետէ կը կազմակերպուի՝ իր շուրջ համախմբելով ազգային վարժարաններէն ներս դասաւանդող ուսուցչուհիներ եւ հայագիտութեան նկատմամբ հետաքրքրութիւն ունեցող երիտասարդ-երիտասարդուհիներ: Ժիրայր Դանիէլեանի ղեկավարութեամբ գործող այս կառոյցի ուսուցչական կազմին մաս կը կազմեն հայագիտական մարզէն ներս լայն փոռձառութիւն ունեցող ուսուցիչներ եւ մտաւորականներ՝ Լիբանանէն ու Հայաստանէն: Ներկայ տարին 35 ուսանողներ մասնակցած են դասընթացքին:
Վեհափառը ընդհանուր գիծերով ներկայացուց հայագիտութեան իմաստը, կարեւորութիւնը ու նպատակը: Ան յատկապէս նշեց, որ հայագիտութիւնը պէտք է մնայ Հայաստանի իշխանութեան անմիջական նեցուկը վայելող մասնագիտութիւն: «Դժբախտաբար, Սփիւռքի մէջ այս ուղղութեամբ առնուած քայլերը եղած են երբեմն թերի, միակողմանի եւ երբեմն ալ անհրաժեշտ քաջալերանքը ու աջակցութիւնը չեն ստացած», ըսաւ կաթողիկոսը: Այսօր, փաստօրէն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնն է որ ձեռնարկած է նման աշխատանքի մը: Վեհափառը նաեւ ըսաւ, որ Արեւմտեան երկիրներու կարգ մը համալսարաններու մէջ հայագիտական ամպիոնները կամ դասընթացքները առաւելաբար ձեւական են ու մասնակի եւ չունին անցեալի որակը: Վեհափառը յիշեց 47 տարիներ առաջ Օքսֆորտի համալսարանին մէջ իր ունեցած հանդիպումները Տաուսէթ եւ Թոմսըն հայագէտներուն հետ եւ ցաւով յայտնեց, որ այսօր նման լուրջ հայագէտներ սկսած են պակսելու, ինչպէս նաեւ հայագիտութեան նկատմամբ հետաքրքրութիւն ունեցողները: Այսօր, փաստօրէն արեւմտահայերէնը կը նահանջէ, հայու ինքնութիւնը կը գունաթափի, մեր արժէքներուն նկատմամբ մեր ծանօթութիւնը կը նօսրանայ:
Ապա հայրապետը լսեց Ժիրայր Դանիէլեանի ու Կարօ Յովհաննէսեանի վկայութիւնները՝ անցնող կրթական շրջանի աշխատանքներուն մասին: Ուսանողուհիներ, խօսք առնելով՝ իրենց ուրախութիւնը յայտնեցին ու միաժամանակ առաջարկներ ներկայացուցին վեհափառին:
Իր եզրափակիչ խօսքին մէջ վեհափառը յայտնեց, որ ներկայ դասընթացքը պիտի շարունակուի աւելի կազմակերպ կերպով, յատուկ վկայականներ պիտի տրուին դասընթացքը աւարտողներուն, ինչպէս նաեւ պիտի ուսումնասիրուի պետական վկայականներ ապահովելու կարելիութիւնները: