Պոլսոյ մէջ լոյս տեսաւ պոլսահայ գրող-երգիծաբան Յակոբ Պարոնեանի յայտնի «Պտոյտ Մը Պոլսոյ Թաղերուն Մէջ» գիրքի թրքերէն թարգմանութեան վերահրատարակութիւնը։
Պարոնեան գիրքին մէջ կը նկարագրէ 19րդ դարու վերջաւորութեան պոլսահայ հասարակութեան առօրեան ու ներքին համայնքային կեանքը, ինչպէս նաեւ Պոլսոյ այն ժամանակուան հայաշատ թաղամասերը:
Տարիներ առաջ, թրքերէնով լոյս ընծայուած գիրքը մեծ հետաքրքրութիւն յառաջացուցած էր թրքալեզու ընթերցողին մօտ, եւ որոշ դադարէ մը ետք «Ջան» հրատարակչութիւնը նախաձեռնած էր գիրքին թրքերէն տարբերակի եւս մէկ՝ արդէն 6րդ հրատարակութիւնը: