ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- Հինգշաբթի, 6 Յուլիսին, պաշտօնական երկօրեայ այցով Երեւան ժամանած է Չինաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան պատուիրակութիւնը:
Չինաստանի Ժողովրդական Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան պաշտպանական քաղաքականութեան ոլորտի մասնագէտներու պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէ զօրավար Ճան Ին Լի:
Այցին ընթացքին չինական պատուիրակութիւնը այցելած է ՀՀ ՊՆ Վ. Սարգսեանի անուան ռազմական եւ ՀՀ ՊՆ պաշտպանական ազգային հետազօտական համալսարաններ: Պատուիրակութեան անդամները հանդէս եկած են դասախօսութիւններով, հանդիպած են համալսարաններու ղեկավարութեան եւ դասախօսական կազմի հետ:
Չինաստանի պատուիրակութիւնը հանդիպած է ՀՀ ՊՆ պաշտպանական քաղաքականութեան վարչութեան պետ Լեւոն Այվազեանի եւ ՀՀ ԶՈՒ ԳՇ պետի առաջին տեղակալ, զօրավար Օնիկ Գասպարեանի հետ: