ԵՐԵՒԱՆ.- Յուլիս 3ին, պատասխանելով «ՓանԱրմինիըն»ի հարցումին՝ արդարադատութեան նախարարութիւնը յայտնած է, թէ այսուհետեւ Հայաստան պիտի ճանչնայ արտասահմանի մէջ վաւերացուած նոյն սեռի ամուսնութիւնները:
Հայաստանի Ընտանեկան օրէնսգիրքին համաձայն՝ Հայաստանի քաղաքացիներու, Հայաստանի քաղաքացիներու եւ օտար քաղաքացիներու կամ քաղաքացիութիւն չունեցող անձերու միջեւ ամուսնութիւնները պիտի ճանչցուին, եթէ վաւերացուած են պատկան հիւպատոսութեան կողմէ: Առ այդ, հիւպատոսական վաւերացման պարագային՝ Հայաստանէն դուրս արձանագրուած բոլոր ամուսնութիւնները վաւեր են, անկախ ամուսիններու սեռէն, քանի որ յօդուածը որեւէ նշում չի կատարեր սեռերու մասին: