ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Այցագիրներու դիմումներուն ընդունումը ժամանակաւորապէս կասեցնելու Թուրքիոյ ու Միացեալ Նահանգներու որոշումով ծագած հակամարտութիւնը կը շարունակուի փոխադարձ ամբաստանութիւններով եւ կացութիւնը աւելի մտահոգիչ կը դառնայ։
Արդարեւ, նախագահ Էրտողան ծանր բառերով պախարակած էր Թուրքիոյ մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ճան Պեսը, որուն պաշտօնը վերջ գտնելու վրայ էր, երբ ծագեցաւ այս նոր տագնապը։ Էրտողան այս տագնապին ուղղակի պատասխանատու նկատած էր դեսպանը, որ, ըստ իրեն՝ ինքնագլուխ որոշումով դադրեցուցած է այցագիրներու շնորհումը։
Սակայն, ամերիկեան իշխանութիւնները պաշտօնապէս պատասխանեցին, թէ դեսպանը այս որուշումը առած էր Փենթակոնի ու Սպիտակ տան հետ խորհրդակցաբար՝ պաշտպանելով դեսպանին որոշումը։
Իր կարգին, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց. «Ամերիկայի դեսպանները ինքնագլուխ որոշումներ չեն տար։ Դեսպան Պես միշտ շփման մէջ էր իր երկրի իշխանութիւններուն հետ. ան մեր երկրի շատ արժէքաւոր դիւանագէտներէն մէկն է։ Խոր յուսախաբութիւն ապրեցանք, երբ Թուրքիոյ իշխանութիւնները ձերբակալեցին մեր հիւպատոսարանին մէջ աշխատող տեղացի աշխատակիցը։ Մենք օտար երկիրներու մէջ մեր պարտականութիւնը լրիւ չենք կրնար կատարել, եթէ չօգտուինք քանի մը տեղացի պաշտօնեաներէ։ Պոլսոյ հիւպատոսարանին մէջ աշխատող մեր տեղացի աշխատակիցին ձերբակալութիւնը արդարանալի չէ, որեւէ փաստ չկայ անոր ուղղուած յանցագործութեանց ամբաստանութեան կապակցութեամբ։ Մեր աշխատաւորները Թուրքիոյ ապահովութեան շրջանակներուն հետ կ՛աշխատէին, յանցանք չէին գործած»։
Նշենք, որ որոշումէն զայրացած Էրտողանը, ամերիկացի դեսպանին մասին նաեւ ըսած էր. «Մենք զինք այլեւս չենք ճանչնար իբրեւ Միացեալ Նահանգներու ներկայացուցիչ, այս պատճառաւ ալ մեզմէ ո՛չ մէկը ընթացք տուաւ անոր հրաժեշտի ընդունելութեան (որ տեղի ունեցաւ Հոկտեմբեր 10ի երեկոյեան)։ Այս խնդիրին ուղղակի պատասխանատուն նոյնինքն Ամերիկա՛ն է։ Առանց մեզի հետ խորհրդակցելու այսպիսի որոշում մը առնելը, «Ես պետութեան անունով այսպէս որոշեցի» ըսելը՝ ընդունելի չէ բացարձակապէ՛ս»։
Ամէն պարագայի, դեսպան Պեսի համար անհաճոյ զուգադիպութիւն եղաւ ճիշդ իր պաշտօնավարութեան աւարտի օրերուն այսպիսի տագնապի մը ծագումը։ Սովորաբար, դեսպանները իրենց պաշտօնէն բաժնուելէ առաջ հրաժեշտի ընդունելութիւն կը սարքեն, սակայն Պեսի ընդունելութեան ո՛չ մէկ թուրք քաղաքագէտ ներկայ գտնուեցաւ։