ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ.- Արցախի Հանրապետութեան պետական նախարար Արայիկ Յարութիւնեան 11 Նոյեմբերին, աշխատանքային շրջայց կատարեց Քաշաթաղի շրջանի հարաւային թեւի շարք մը բնակավայրերու մէջ՝ մասնակցելով դպրոցական շէնքի բացման արարողութեան, ինչպէս նաեւ ծանօթանալով բնակարանաշինական աշխատանքներու ընթացքին:
Արցախի պետական նախարարի աշխատակազմի տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու բաժինէն կը տեղեկացնեն, թէ Ա. Յարութիւնեան նախ Մուշ համայնքին մէջ մասնակցեցաւ բացման արարողութեան նորակառոյց դպրոցական շէնքի, ուր կը յաճախեն նաեւ հարեւան Ալաշկերտ համայնքի երեխաները: «Հայրենասէր» կազմակերպութեան նախաձեռնութեամբ կառուցուած դպրոցին մէջ, որ կը կրէ Ապրիլեան պատերազմին նահատակուած «Մարտական խաչ» Ա. աստիճանի ասպետ, հրամանատար Արմենակ Ուրֆանեանի անունը, կը յաճախեն շուրջ 50 աշակերտներ:
Ա. Յարութիւնեան իր խօսքին մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց բարերարներուն եւ «Հայրենասէր» կազմակերպութեան՝ ծրագիրի իրականացման համար, կարեւոր համարելով բարեգործական նման նախաձեռնութիւններու դերը Արցախի զարգացման եւ մատաղ սերունդի դաստիարակութեան գործին մէջ:
«Կը կարծեմ, թէ պատահական չէ, որ դպրոցը այսուհետեւ պիտի կրէ մերօրեայ հերոսներէն Արմենակ Ուրֆանեանի անունը: Անիկա իւրօրինակ ուղերձ է առաջին հերթին դպրոցի ուսուցչական կազմին եւ, ընդհանրապէս, բոլոր մեր հայրենակիցներուն, որ մեր հերոսներուն յիշատակը պէտք է յարգենք առաջին հերթին անոնց օրինակով մեր երեխաները դաստիարակելով», ըսաւ պետական նախարարը:
Ա. Յարութիւնեան այնուհետեւ մեկնեցաւ Միջնաւան քաղաք եւ ծանօթացաւ պետական եւ «Քաշաթաղ» բարեգործական հիմնադրամի միջոցներով հայրենադարձ ընտանիքներու համար կառուցուող բազմաբնակարան շէնքի, ինչպէս նաեւ՝ արդէն աւարտման փուլին մէջ գտնուող համայնքային կեդրոնի ու դպրոցի մարզադահլիճի շինարարական աշխատանքներուն:
Ան Իշխանաձոր համայնքին մէջ ծանօթացաւ շինարարութեան ընթացքին՝ դարձեալ պետական եւ «Քաշաթաղ» բարեգործական հիմնադրամին միջոցներով վերջերս շահագործման յանձնուած 11 առանձնատուներու կողքին կառուցուող 15 բնակարաններուն, որոնց շահագործումէն ետք կը նախատեսուի կառուցել եւս քանի մը տասնեակ նոր առանձնատուներ: