ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ.- Ստեփանակերտցի երիտասարդ դաշնակահարուհի Անահիտ Առուշանեան 22 Հոկտեմբեր 22ին մասնակցած էր Քանարեան կղզիներուն մէջ տեղի ունեցած սպանական ամէնամեայ միջազգային «Stars at Tenerife» մրցոյթ-փառատօնին եւ արժանացած «Կրան Փրի» մրցանակին:
Ըստ «Արցախփրէս»ի՝ Նիւ Եորքի «Լոնկ Այլընտ» երաժշտանոցի առաջին տարուան ուսանող Անահիտ Առուշանեան ըսած է, որ փառատօնին կը մասնակցէին 26 երկիրներու ներկայացուցիչներ:
«Հանդէս եկայ Ռախմանինովի, Շոփենի, Պիզէի եւ Պրամզի ստեղծագործութիւններով եւ շատ ուրախ եմ, որ իմ կատարումները այսպիսի բարձր գնահատականի արժանացան», ըսած է Առուշանեան եւ աւելցուցած, որ բացի «Կրան Փրի» մրցանակէն, ինք ստացած է նաեւ երկու այլ մրցոյթ-փառատօներու մասնակցութեան հրաւէր:
Ան յայտնած է, որ առաջինը տեղի պիտի ունենայ Յունուար 3էն 7ը, Ռուսիոյ Ս. Փեթերսպուրկ քաղաքին մէջ, ուր տեղի պիտի ունենայ հանրայայտ ռուս դաշնակահար Սաւշինսքիի անուան միջազգային մրցոյթ-փառատօնը, իսկ երկրորդը՝ Ապրիլին, Գերմանիոյ Պատեն-Ուուրթեմպըրկ երկրամասին մէջ: