ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- Թուրքիոյ կառավարութեան գլխաւոր ընդդիմադիր՝ Հանրապետական Ժողովրդային կուսակցութեան անդամ եւ խորհրդարանի հայազգի պատգամաւոր Սելինա Տողան գրաւոր պահանջ ներկայացուցած է Թուրքիոյ կրթութեան նախարարութեան՝ խնդրելով լուծում մը տալ երկրին մէջ բնակող սուրիահայ ներգաղթեալ երեխաներու հայեցի կրթութեան խնդիրին. այս մասին կը հաղորդէ «Ակօս» թերթը:
Տողան նշած է, որ սուրիացի գաղթականներու կրթութեամբ զբաղող ժամանակաւոր վարչութիւնը, ըստ առկայ օրէնքին, սուրիահայ երեխաները՝ արաբ եւ քիւրտ ներգաղթեալներու նման կ՛ուղղարկէ թրքական պետական դպրոցներ, մինչդեռ Պոլսոյ մէջ կայ գործող 16 հայկական յատուկ դպրոցներ, որոնք այսօր չեն կրնար ընդունիլ այդ աշակերտները՝ Թուրքիոյ մէջ փոքրամասնութիւններուն պատկանող դպրոցները ընդունուելու շուրջ առկայ սահմանափակ կարգին պատճառով:
Պոլսոյ հայկական դպրոցներ կրնան ընդունուիլ միայն Թուրքիոյ քաղաքացի եղող քրիստոնեայ հայ ընտանիքներու երեխաները, որոնք կը ներկայացնեն Պոլսոյ Հայոց պատրիարքարանին կողմէ տրամադրուած մկրտութեան վկայական:
Միւս կողմէ, եթէ սուրիահայ երեխաները հայկական դպրոց յաճախեն եւ մասնակցին դասերուն՝ իբրեւ հիւր-աշակերտներ, ապա չեն կրնար ստանալ միջնակարգ կրթութեան համապատասխան վկայականը:
Հայազգի պատգամաւորը նշած է, որ պետութեան կողմէ սահմանուած օրէնքի ծիրէն ներս, պետական դպրոցներ ուղարկուող սուրիահայ երեխաները ստիպուած են սորվելու եւ մեծնալու օտար մշակոյթի մէջ: Պատգամաւորը կը կարծէ, որ համապատասխան պետական կառոյցները պարզապէս հաշուի չեն առած, թէ սուրիացի գաղթականներուն մէջ միայն իսլամներ չկան, այլ կան նաեւ քրիստոնեաներ: